2016-12-20 10:16:00

Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօներու արարողութիւնները Վատիկանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Համայն կաթողիկէ աշխարհը կը պատրաստուի մօտ օրէն տօնախմբելու Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնը։ Աստուած որ մանուկի կերպարանքով կու գայ աշխարհ` կը մարդեղանայ, կը ծնի սուրբ Կոյսէ մը, աղքատիկ, ցուրտ ու մոռցուած քարայրի մը մէջ։

Յիսուս` Աստուծոյ Որդին կու գայ աշխարհ մարդը ազատագրելու համար չարէն ու մեղքէն, ու մարդուն վերադարձնելու Աստծոյ Որդիի կոչումին արժանապատուութիւնը։

Աստուած կը նուաստանայ, կը բաժնեկցի մարդուն ճակատագիրը, կը չարչարուի անոր հետ ապա` անհուն սէրէ մղուած իր կեանքը կը զոհէ մեր Փրկութեան համար։

Յառաջիկայ կիրակի 25 դեկտեմբերին կը նշուի Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան յիշատակը, լաւապէս պատրաստուինք ընկալելու մեր Փրկիչը, ոչ միայն արտաքին երեւոյթներով այլ ներքնապէս, պատրաստ ըլլանք զինք ընդունելու նախ մեր սրտերուն մէջ եւ անոր ընկալումի ուրախութիւնը բաժնեկցելու մեզ շրջապատող շրջանակին հետ, ամէն տեղ տարածելով Անոր գալստեան ուրախութիւնն ու յոյսը եւ հրեշտակներուն հետ հնչեցնելով փառաբանութեան տաղը` ''Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն'':

 

Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրեակին, Շաբաթ, 24 դեկտեմբերին, աւանդութեան համաձայն,

երեկոյեան ժամը 9.30-ին, Սրբազան Քահանայապետը  Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը նախագահէ ճրագալոյցի սուրբ պատարագի արարողութիւնը, ապա կիրակի`  25 դեկտեմբերին,  Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին օրը, կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին  կեդրոնական պատշգամէն, Սրբազան Հայրը համայն աշխարհին կ՛ուղղէ հայրապետական մաղթանքը եւ ''Ուրպի էթ Օրպի'' Հռոմի ու համայն աշխարհին առաքելական օրհնութիւնը։
26 դեկտեմբերին կը նշուի Ստեփանոս նախավկային տօնը։ Սրբազան Քահանայապետը այս առթիւ իր գրասենեակի պատշգամէն կ՛արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն առթիւ կը ներկայացնէ նաեւ օրուան խորհրդածութիւնը։

Սուրբ Ծննդեան տօներուն կը յաջորդէ` Ամանորի տօնակատարութիւնը։ Շաբաթ, 31 դեկտեմբերին, 2016 տարուայ վերջին օրը, յետմիջօրէին ժամը 5.00 –ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կը նախագահէ ՝՝Թէ Տէում՝՝ ժամասացութեան գոհաբանական աղօթքը,  շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ, անցնող տարուան ընթացքին մարդկութեան ընծայած բարիքներուն համար, հուսկ 2017-ի` Յունուար մէկին, նոր տարուան առաջին օրը՝ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր տօնին ու խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 10.00ին, կը հանդիսապետէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.