2016-12-20 14:13:00

Յանուն Ֆրանչիկսոս Պապին Կարդինալ Փարոլինի ցաւակցական հեռագիրը Փութինին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ի լուր Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ Հանրապետութեան դեսպանին սպանութեան, երեքշաբթի 20 դեկտեմբեր 2016-ին. Վատիկանի Պետական Քարտուղար` կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին,  ցաւակցական հեռագիր յղած է, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ` Տիար Վլատիմիր Փութինին որուն մէջ յայտնած է թէ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ մեծապէս տխրած է ի լուր Անգարայի մօտ Ռուսիոյ դեսպան` Տիար Անտրէյ Քարլովի դէմ գործուած մարդասպանութեան եւ իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ բոլոր անոնց որոնք կը սգան անոր կորուստը, յատկապէս դեսպանի ընտանեկան պարագաներուն։

Նորին Սրբութիւնը ապա­, հայցելով Ամենակալ Աստուծոյ ողորմութիւնը, համայն Ռուսաստանի դաշնութեան ժողովուրդին կը վստահեցնէ իր աղօթքը եւ հոգեւոր զօրակցութիւնը։

Յայտնենք նաեւ թէ երեքշաբթի 20 դեկտեմբերի առաւօտեան Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութեանց քարտուղար` Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր­, հեռաձայնական կապ հաստատած է Վատիկանի մօտ Ռուսիոյ  դաշնութեան դեսպանին հետ, անոր յայտնելով Սուրբ Աթոռի մօտիկութիւնն ու ցաւակցութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.