2016-12-20 09:15:00

Երկու Հայ՝ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմին մէջ


ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Իր նշանակումէն 48 օր ետք, վարչապետ Սաատ Հարիրի Դեկտեմբեր 19ին կրցաւ կազմել Լիբանանի նոր կառավարութիւնը՝ օժանդակութեամբ երկրի իշխանութեան պետերուն եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն, բացի Փաղանգաւոր կուսակցութենէն, որ մերժեց մաս կազմել կառավարութեան:

Վարչապետ Հարիրի Կիրակի երեկոյեան ուղղուեցաւ նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ, որուն յանձնեց նոր կառավարութեան կազմի անուանացանկը: Նախագահ Աունի եւ վարչապետ Հարիրիի հանդիպման միացաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի:

Կառավարութեան նոր կազմին մէջ կան հայ երկու նախարարներ։ Աւետիս Կիտանեան պիտի ստանձնէ զբօսաշրջութեան նախարարի, իսկ Ժան Օղասապեան՝ կանանց հարցերու պետական նախարարի պաշտօնը։

Աւետիս Կիտանեան առաջին անգամ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընտրուած է 1998ին, իսկ 2001-2005ին վարած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի գործավարի պաշտօնը: 2009էն սկսեալ «Վանայ Ձայն»ի տնօրէնն է եւ 2015ին ընտրուած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ:

Կառավարութեան կազմի յայտարարութենէն ետք, Հարիրի շեշտեց, որ կառավարութեան գլխաւոր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպումը եւ աւելցուց. «Հետեւաբար, անիկա իր կարճատեւ ծառայութեան ընթացքին պիտի ջանայ լուծել շարք մը տագնապներ, որոնցմէ են աղբի, ելեկտրականութեան եւ ջուրի հարցերը»։

Ան նշեց նաեւ, որ քաղաքական գրեթէ բոլոր կողմերը զիջումներ կատարած են՝ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու համար, բացայայտելով, որ ինք Փաղանգաւոր կուսակցութեան առաջարկած է պետական նախարարի պաշտօն, սակայն անիկա մերժած է։

Նշենք, որ կառավարութեան մէջ կան վեց նոր նախարարութիւններ, որոնք են՝ ծրագրաւորման հարցերու, տեղահանուածներու հարցերու, զեղծարարութեան դէմ պայքարի, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու, կանանց հարցերու եւ մարդկային իրաւանց հարցերու նախարարութիւնները:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.