(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Ծնունդի ու ամանորի տօներուն առիթներով, 19 դեկտեմբերէն սկսեալ եւ մինչեւ 9 յունուար 2017, դադրած կը նկատուին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հաւատացեալներու մասնակցութեամբ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած առօրեայ սուրբ պատարագներն ու քարոզը։
Նշենք թէ Լատին ծէսին համաձայն քահանան ամէն օր պարտական է սուրբ զոհը մատուցել. այս պարտականութիւնն ունին նաեւ եպիսկոպոսներն ու նոյնինքն Քահանայապետը, ուստի վերոյիշեալ յայտարարութեան հանդերձ Նորին Սրբութիւնը կը շարունակէ իր առօրեայի պատարագները մատուցել, սակայն առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան։
Յայտնենք նաեւ թէ Քահանայապետի հաւատացեալներու մասնակցութեամբ առօրեայ պատարագներու սովորութիւնը ներմուծած է Ֆրանչիսկոս Պապը` Սուրբ Պետրոսի գահին վրայ բարձրանալէն անմիջապէս ետք։
All the contents on this site are copyrighted ©. |