2016-12-20 09:59:00

Առ ի պատրաստութիւն սուրբ Ծննդեան տօնին


«Նոյն ժամուն Յիսուս ցնծաց Սուրբ Հոգիով եւ ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլաս, Հայր, Տէր երկինքի եւ երկրի, որ ասիկա ծածկեցիր իմաստուններէն եւ գիտուններէն եւ յայտնեցիր զայն մանուկներուն»։ Ղուկաս 10, 21

Այսօր, Տէր իմ, քու ներկայութեանդ,  այն «շատ փոքրն»  եմ որ կը դիմէ քեզի որովհետեւ կ’ընդունիմ որ դուն Տէրն ես երկինքի եւ երկրի։ Կը բանամ  սրտիս աչքերն ու ականջները քեզ դիմաւորելու եւ ընդունելու համար։

Շնորհը ըրէ ինծի տեսնելու եւ լսելու այն ինչ որ կ’ուզես ինծի յայտնել այսօրուան աղօթքին մէջ։

Յիսուս՝ Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ ցնծաց ուրախութենէն  եւ սկսաւ աղօթել։

Ան կը խօսի իր Հօրը հետ եւ բախտն ունինք լսելու այն ինչ որ կ’ըսէ անոր. «Օրհնեալ ըլլաս , Հայր,  Տէրը երկինքի եւ երկրի,  ասիկա ծածկելուդ համար իմաստուններէն եւ գիտուններէն եւ զայն յայտնաբերելուդ համար շատ փոքրերուն»։  Ի՞նչ կայ  «ասոր» ետին։  Ի՞նչն է որ Հայրը յայտնեց «շատ փոքրերուն» եւ ուրեմն, կը յայտնուի նաեւ մեզի։ Ասիկա գիտնալու համար, պէտք է վերադառնալ քանի մը տող վերը ըսուածին.- «Ցնծացէք անոր համար որ ձեր անունները կը գտնուին երկինքի մէջ (Ղուկաս 10, 20)։  Յիսուս կը ցնծայ ուրախութենէն  այն միտքին համար որ մեր անունները արձանագրուած են  երկինքի մէջ։ Ասոր համար է որ Յիսուս եկաւ՝ մեզի տալու համար յաւիտենական կեանքը։ Ասիկա է անոր մեծագոյն ուրախութիւնը՝ մեզ իրեն հետ համախմբել Հօր մօտ ընդմիշտ։  Յիսուս կու գայ  մեզի ցոյց տալու եւ մեր առջեւ բանալու երկինք առաջնորդող ճամբան։ Ասիկա հիմն է մեր ամբողջ քրիստոնէական յոյսին։ Ասիկա ճշմարիտ իմաստն է մեր գոյութեան։

2.-  Այս յոյսը որ կ’ապրեցնէ հաւատացեալները՝ հասանելի է բոլորին։

Բարձր կրթութիւնը անհրաժեշտ չէ զայն ստանալու համար։ Յիսուս զայն ցոյց կու տայ ամէնէն փոքրերուն, այսինքն անոնց որոնք ճշմարտութիւնը կը փնտռեն անկեղծ սրտով  եւ շատ խոնարհ են զայն ընդունելու համար։ «Երանի այն աչքերուն որոնք կը տեսնեն այն ինչ որ դուք կը տեսնէք» կ’ըսէ Յիսուս։ Ասիկա իրական երանութիւն մըն է։ Պէտք  է ուրախանանք մեզի տրուած երկնային շնորհին համար։ «Բայց բան չտեսայ» պատասխանէք թերեւս…։  Աւետարանին մէջ տեսնել կամ լսել հոմանիշ են հաւատալու։ Հաւատք ունենալ կը նշանակէ տեսնել ու լսել սրտով։  Եթէ այս խորհրդածութիւնը կարդաք այսօր, արդէն կը նշանակէ թէ կը հաւատաք եւ կը փորձէք աւելի եւս հաւատալ։ Երբեք չենք դադրիր Յիսուսը լսելէ եւ տեսնելէ։ Երբեք չենք դադրիր հաւատալէ։  Ուրախանանք այն երջանկութեան համար զոր   Յիսուսին հաւատքը կը պարգեւէ մեզի՝ մուտք գործելով Կեանքէն ներս, Աստուծոյ կեանքէն ներս։

                3.- Հոս՝ Ղուկաս Աւետարանիչը  երրորդութեան հաւատքի իրական դաւանանք մը կը կատարէ։

Նախ կ’աղօթէ եւ կը հրճուի այն փրկութեան համար զոր կը բերէ մարդոց Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ։ Աղօթքը եւ անոր պարգեւած ուրախութիւնը միշտ պտուղն են Սուրբ Հոգիին։ Երկրորդ, Յիսուս կ’ուրախանայ որովհետեւ մեզի կը յայտնէ թէ Հայրը ով է. «Ոչ ոք գիտէ թէ ով է Որդին եթէ ոչ Հայրը, ինչպէս որ ոչ ոք գիտէ թէ ով է Հայրը եթէ ոչ Որդին, եւ այն որուն՝ Որդին կ’ուզէ ցոյց տալ»։ Ոչ ոք կ’ուղղուի դէպի Աստուած առանց Որդիէն անցնելու։ Յիսուս վերջին եւ կատարեալ յայտնութիւնն է Աստուծոյ։ Յիսուս Աստուծոյ դիմագիծն է։  Այն ինչ որ ան մեզի կ’ըսէ Հօր սիրոյ մասին Սուրբ Հոգիով՝ անշրջանցելի է։ Սուրբ Երրորդութեան Խորհուրդը մեր հաւատքին խորագոյննն է, որովհետեւ մեզի ցոյց կու տայ որ Աստուած Սէր է։ «Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը որ իր միակ Որդին տուաւ, որպէսզի իրեն հաւատացողը չկորսուի, այլ արժանանայ յաւիտենական կեանքին» (Յովհ. 3, 16)։ Աստուած մարդուն երջանկութիւնը կ’ուզէ, երջանկութիւն մը, որ ամբողջական պիտի ըլլայ երբ երկինք  կը մտնենք  կատարեալ միութեամբ Աստուծոյ հետ։ Մինչ այդ, այս միութիւնը արդէն սկսած կ’ըլլայ եթէ զԱստուած իրապէս ճանչնանք այս երկրի վրայ, այսինքն այնպէս ինչպէս ան յայտնուեցաւ՝ երրորդութեամբ։

Տէր,  թող երկինքի յոյսը հաւատքիս հիմը ըլլայ։  Կ’ուզեմ քեզ ճանչնալ աւելի եւ աւելի լաւ։ Տէր, կուզեմ տեսնել դէմքդ, աւելցուց հաւատքս, դուն որ Հայր ես, Որդի եւ Սուրբ Հոգի։








All the contents on this site are copyrighted ©.