2016-12-18 12:45:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին 18 դեկտեմբերի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 18 դեկտեմբերի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւն մը` քաղուած Մատթէոսի Աւետարանէն (Գլ1, 18-24) ուր կը պատմուի Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան մասին։

''Երկու անձինք Սուրբ Կոյս Մարիամը եւ անոր փեսան` Յովսէփը դերակատար դարձան սիրոյ խորհուրդին'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Աստուծոյ Որդին ծնաւ Սուրբ Կոյսի արգանդէն ու այսպիսով Աստուած յատկանշական կերպով մօտեցաւ մարդուն` մարդանալով։

Մենք եւս կարող ենք Մարիամի նման ընկալել Տէրը ու համագործակցիլ Անոր փրկարար ծրագրին։ Մարիամ պէտք է ըլլայ մեզի համար տիպար` մեր Աստուծոյ փնտռտուքի գործընթացին մէջ ու սիրոյ քաղաքակրթութիւն կառուցելու մեր յանձնառումի մէջ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու անդրադառնալով Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր նշեց թէ Ան կոյրօրէն վստահեցաւ Աստուծոյ, հակառակ իր մտքի մէջ յարուցանուած տատամսումներուն։ Ան ընկալելով Մարիամը ընկալեց նաեւ սէրն Անոր որ Մարիամ յղացաւ, Աստուծոյ կամքով։ Յովսէփ հեզ ու արդար մարդ մը` մեզի կը սորվեցնէ միշտ վստահիլ Աստուծոյ ու թոյլ տալ որ Ան մեզ առաջնորդէ հպատակելով Անոր կամքին։

Մարիամ եւ Յովսէփ եղան առաջինները որոնք ընկալեցին Յիսուսը հաւատքի միջոցաւ ու մեզ կը ներմուծեն Սուրբ Ծննդեան Խորհուրդին մէջ։ Մարիամ մեզ կ՛օգնէ տրամադրութիւն ցուցաբերելու` Աստուծոյ Որդին ընդունելու համար մեր կեանքէն ներս եւ Յովսէփ կը խրախուսէ մեզ միշտ փնտռել Աստուծոյ կամքը ու Անոր հետեւիլ վստահութեամբ։ 

''Ահա կոյսը պիտի յղանայ, որդի մը պիտի ծնի եւ անոր անունը պիտի կոչեն Էմմանուէլ, որ կը թարգմանուի Աստուած մեզի հետ (Մատթ 1,23)։ Այս յոյսի պատգամը որ կ՛իրականանայ Ծնունդի օրը կատարումին թող հասցնէ մեր Աստուծոյ սպասումը, համայն եկեղեցւոյ մէջ, ու բազմաթիւ փոքրիկներուն մէջ զոր աշխարհը կ՛ անտեսէ եւ որ Աստուած կը սիրէ ու կը մօտենայ անոնց'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն  խնդրելով որ յատուկէն աղօթեն Քոնկոյի հանրապետութեան մէջ կայացած երկխօսութեան համար, որպէսզի ան ընթանայ համերաշխութեամբ, խուսափելով բռնութեան որեւէ ձեւէ, եւ ի սպաս համայն երկրի բարիքին։

Սրբազան Քահանայապետը ապա սրտագին շնորհակալութիւն ուզեց յայտնել բոլոր այն անձերուն եւ իշխանութիւններուն որոնք իրեն բարի տարեդարձ մաղթեցին­ հուսկ յայտնեց թէ յաջորդ Կիրակի Սուրբ Ծնունդի տօնն է։

''Այս շաբթուայ ընթացքին պահ մը գտնենք լռութեան մէջ մտաբերելու Աստուածամայրն ու Սուրբ Յովսէփը, որոնք Բեթղեհէմի մէջ կը գտնուին, ու մտածենք անոնց ապրած կացութեան'' հրաւէր ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը, յորդորելով մուտք գործել իսկական Ծնունդին` Յիսուսի Ծնունդին մթնոլորտին մէջ։ ''Յիսուս որ կը մօտենայ Աստուած մեզի հետ է , մեզի մօտիկ է, որպէսզի ընդունինք այս տօնին շնորհքը, որ է մօտիկութեան, սիրոյ, խոնարհութեան ու քնքշութեան շնորհք - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու աւելցուց ''Այդ պահուն եւս յիշեցէք աղօթել ինծի համար''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.