2016-12-18 13:18:00

Պենետիկտոս ԺԶ-ի ու այլ կրօնապետերու շնորհաւորութիւնները Ֆրանչիսկոս Պապին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ծննդեան 80 ամեակին առթիւ, Վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ եւս` 17 դեկտեմբեր 2016-ին, շնորհաւորագիր մը յղեց Ֆրանչիսկոս Պապին­, ապա  յետմիջօրէին հեռանային կապ հաստատեց Անոր հետ անոր փոխանցելով ծննդեան տարեդարձին բարեմաղթութիւնները ու երեք փոքրիկ յատկանշական նուէրներ ուղարկելով։

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ծննդեան 80-րդ տարեդարձին առթիւ բազմաթիւ Պետական իշխանութիւններ, անձնաւորութիւններ, անկարներ, աղքատներ ու բանտարկեալներ եւ  հաւատացեալներ, զանազան ձեւերով ու միջոցներով Նորին Սրբութեան վստահեցուցին իրենց մօտիկութիւնը, փոխանցելով շնորհաւորանքի իրենց արտայայտութիւնները։

Ասոնց շարքին  նշենք նաեւ համայն Ռուսիոյ եւ Մոսկուայի Պատրիարք Կիւրեղը եւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա-ը ինչպէս նաեւ Անկլիքան Եկեղեցւոյ առաջնորդ` Ուելպի Արքեպիսկոպոսը, որ թուիթի մը միջոցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին մաղթեց բարի տարեդարձ, ''աղօթք բարձրացնելով Աստուծոյ որպէսզի շարունակէ ձեզ օրհնել'' գրեց Ուելպի Արքեպիսկոպոսը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.