2016-12-18 09:33:00

Կիրակի 18 Դեկտեմբեր 2016 - Հինգերորդ Կիրակի Յիսնակաց։


Մենք մեր պարտքը կատարեցինք (Ղուկաս 17, 1-10)

            Ամէն մարդ որ կու գայ աշխարհ, մաս կը կազմէ Աստուծոյ ծրագրին իրագործման մէկ հանգրուանին, անոր կամքին համեմատ` գործունէութիւն մը կատարելու եւ հասնելու ընդհանուր մէկ նպատակի մը մասնակի լրումին։ Որեւէ անձ չէ ստեղծուած առանց պատճառի, այլ իւրաքանչիւրը իր տեղն ունի աշխարհի վրայ եւ ամէն մէկը իր դերը ունի կատարելիք կեանքի արագահոս գետին մէջ։

Ամէն անձ, ինչպէս որ ունի իր իրաւունքները, նոյնպէս ալ ունի իր պարտականութիւնները. Ասոր համար է որ Յիսուս կ՛ըսէ իր խօսքի վերջաւորութեան. Ինչ որ պարտական էինք ընելու, ըրինք։ Ձեւով մը Աստուած ամէնուս վրայ դրած է բեռ մը զոր պէտք է վերցնենք մեր կեանքի ընթացքին, խաչ մը` զոր պէտք է կրենք, որպէսզի անով կարենանք հասնիլ մեր յաւիտենական փրկութեան։

Ի՞նչ են սակայն այդ պարտականութիւնները. Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ մեր պարտքը։ Եւ ինչու՞ այդ պարտքով բեռնաւորուած ենք ամէնքս։ Ասոր պատասխանը կրնանք գտնել միայն եթէ զայն փնտռենք Աստուծոյ սկզբնական ծրագրին մէջ. Նախ հարց տալու ենք թէ ինչու՞ Աստուած մեզ ստեղծած է. Ինչու՞ ես եւ ոչ ուրիշ մը։ Մենք Աստուծոյ ծրագիրները հասկնալու համար պէտք է որ ըլլանք իրեն պէս աստուածներ։ Այսինքն գիտնանք ապագան եւ ժամանակի մէջէն դուրս ելլենք, ինչ որ անկարելի է. Ուստի եւ Աստուծոյ ծրագիրները իւրաքանչիւրի համար մեզի անիմանալի կը մնան, մինչեւ մահը. Արդէն անձի մը մահէն ետք կը գիտնանք անոր բուն արժէքն ու արժանիքը։

Մինչեւ որ մասամբ հասկնանք թէ ինչ է Աստուծոյ ծրագիրը մեր վրայ, արդէն մեր կեանքի մեծ մասը ապրած կ՛ըլլանք. Ուստի մեզի համար կարեւոր չէ անպայման գիտնալ այդ ծրագիրը, այլ աւելի կարեւոր է ընթանալ Աստուծոյ կամքին համաձայն, կատարելով մեր առօրեայ պարտականութիւնները եւ ապրելով աւետարանական սկզբունքներուն համեմատ։

Սուրբ Ծննդեան տօնը կանխող այս կիրակին` Յիսուս մեզի կը խօսի երկու նիւթի շուրջ։ Առաջինը` գայթակղութիւնն է, որմէ պէտք է խուսափինք, որովհետեւ այնքան ծանր յանցանք մըն է որ նախընտրելի է ծովուն մէջը խեղդուիլ քան մանուկ մը գայթակղեցնել, անոր գէշ օրինակ տալով, կամ զինք վարժեցնելով չարիք գործելու։ Այս կէտին մէջ Յիսուս շատ խստապահանջ եւ անդրդուելի կը մնայ։

Երկրորդը` ներողամտութիւնն է. Երբ մենք կը սիրենք մեր ընկերը եւ գիտենք ներել անոր երբ մեղանչէ մեր դէմ, լիովին կատարած կ՛ըլլանք մեր պարտականութիւնը անոր հանդէպ եւ յարգած Յիսուսի պատուէրը։ Սակայն պահ մը եթէ բարձրացնենք մեր ակնարկը աշխարհի վրայ, կը տեսնենք ահաւոր պատերազմներ, անմեղներու ջարդ եւ ժողովուրդներու սպանութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ սակայն, կը տեսնենք թէ աշխարհի միւս մասը, ուր բարեբախտաբար պատերազմ եւ ջարդ չկայ, անտարբեր աչքով կը նայի ուրիշ երկիրներու մէջ պատահածներուն. Ուրիշին ինչ ուզէ թող ըլլայ, պայմանաւ որ ինծի բան մը չըլլայ։ Այսպէսով ձեւով մը մեղսակից կ՛ըլլանք գործուած ոճիրներուն եւ համատարած չարիքներուն։

Որպէսզի կարենանք հասկնալ թէ ինչ է Աստուծոյ կամքը մեզի նկատմամբ, ուրիշ միջոց չունինք եթէ ոչ աղօթքը. Աղօթքի խորութեան մէջ ընկղմելով` մեր հոգին պիտի բարձրանայ դէպի Արարիչը եւ անոր Հոգիէն պիտի ստանայ հարկ եղած գիտութիւնը եւ ուժը կատարելու անոր սուրբ կամքը։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.