2016-12-17 10:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզն ու սրտի խօսքը կարդինալական դասին հետ համապատարագի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 17 դեկտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր ծննդեան 80րդ տարեդարձին առիթով, Սուրբ Պատարագ մատոյց Փաոլինա մատրան մէջ։

Սրբազան Պապին հետ համապատարագեցին Հռոմ գտնուող կարդինալներ։

Պատարագի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց անոնց։ Յիշեց, թէ երբեմն կը մտածէ “ծերութիւն” բառի մասին, ըսելով, “Կը յիշեմ այն ինչ որ ըսած էի ձեզի մարտ 15ին, մեր առաջին հանդիպումին՝ ’ծերութիւնը իմաստութեան աթոռն է’։ Յուսանք, որ ինծի համար ալ արժէ այս խօսքը”։ Ծերութիւնը կու գայ լուռ քայլերով։ Ան, կեանքի ժամանակահատուած մըն է, ուր մարդ կրնայ ուրախութիւն, իմաստութիւն եւ յոյս տալ։

Աւարտելով խօսքը, Սրբազան Հայրը յիշեց ոտանաւորի մը հետեւեալ տողերը՝ “Ծերութիւնը հանդարտ է եւ բարեպաշտ” եւ աւելցուց՝ “Աղօթեցէք, որպէսզի իմ ծերութիւնս ալ ըլլայ այսպէս՝ հանդարտ, բարեպաշտ եւ պտղաբեր. ապա նաեւ ուրախ”։

Իսկ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ “յիշատակումի” մասին։

Օրուան Սուրբ Պատարագի ընթերցումը, որ առնուած է Մատթէոսի Աւետարանէն, կը ներկայացնէ Յիսուսի ընտանեկան ծառը (Մտթ Ա. 1-17)։ Սրբազան Հայրը նշեց, թէ երբ մենք կ՛ընթանանք դէպի Ծննդեան տօնը, ծիսական յորդորները, պահ մը կը կասեցնեն մեր ընթացքը։ Եկեղեցին կ՛ուզէ, որ դադար մը առնենք՝ կատարելու համար անցեալի յիշատակը. յիշելու համար մեր հայրերը, մեր նախնիքները եւ հաւատքի մեր պատմութիւնը, ինչպէս Պօղոս Առաքեալի եբրայեցիներուն ուղղած նամակը կը յորդորէ՝ “Յիշեցէք առաջին օրերը”։

Յիշել անցեալը եւ պատմութիւնը՝ սիրոյ արտայայտութիւն է”, ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Երբ նկատի կ՛առնենք օրուան Սուրբ Աւետարանի հատուածը, մեզի կը յայտնուի ամբողջ պատմութիւն մը, շնորհքի պատմութիւն մը, որ սակայն նաեւ մեղքի պատմութիւն մըն է։ Պատմութեան ընթացքին վրայ միշտ պիտի գտնենք շնորհքն ու մեղքը. փրկագործութեան պատմութեան մէջ ներկայ են նաեւ մեծ մեղաւորներ։ Մեղքն է, որ մեզի զգալ կու տայ փրկութեան կարիքը։ Ա´յս է նաեւ մեր յոյսը՝ որ մեղքը խոստովանելով կ՛ընդունինք փրկութիւն, եւ կ՛ընթանանք դէպի յոյսի ուրախութիւնը։

Արդ, դադար մը տանք մենք մեզի եւ մեր հայեացքը ուղղենք դէպի անցեալը։ Պիտի տեսնենք, թէ Տէրը մեզ երբեք յուսախաբ չէ ըրած, Ան միշտ եղած է հաւատարիմ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու քարոզի աւարտին հայցեց որ “Տէրը մեզի օգնէ, որ վերագտնենք յիշողութեան այս շնորհքը”։








All the contents on this site are copyrighted ©.