2016-12-17 12:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ ՝՝Նոմատելֆիա՝՝ հասարակութեան հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ, շաբաթ, 17 դեկտեմբերին՝ կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ հանդիպում մը ունեցաւ ՝՝Նոմատելֆիա՝՝ անուան հասարակութեան հետ։ Նշենք թէ յիշեալ հասարակութեան բարձր գաղափարականն է մարդկութեան մէջ հիմնել կենսունակ ժողովուրդ մը, որուն առաջնակարգ եւ դրական օրէնքն է քրիստոնէական եղբայրութիւնը, հիմնուած Կաթողիկէ վարդապետութեան եւ բարոյականութեան վրայ։

Հանդիպումին սկիզբը հասարակութեան մի քանի անդամներ ողջոյնի խօսք ուղղեցին Սրբազան Հօր եւ մի քանի վկայութիւններ տուին իրենց հասարակաց կեանքէն։ Ֆրանչիսկոս Պապը  ապա իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն, որուն մէջ իր խնդակցութիւնը յայտնեց իրենց հետ հանդիպելուն համար, ըսելով թէ Ինք շատ տպաւորուած մնացած է  հասարակութեան անդամներուն տուած վկայութիւններէն։ Սրբազան Հայրը ակնարկեց Յիսուսի ծննդեան պատրաստութեան ծիսական Յիսնակաց շրջանին.  ընդգծեց   թէ սոյն շրջանը օգտակար կը դառնայ  բոլորին խոկալու Աստուծոյ Որդիին խորհուրդին մասին, որ մարմին առաւ եւ իր ծնունդով աշխարհի շնորհեց  խաղաղութիւն եւ լոյս։

Սուրբ Ծնունդի խորհուրդին մէջ Աստուած ինքզինք յայտնեց, որպէս բարձունքէն տիեզերքին վրայ տիրապետող Անձ, ինչպէս նաեւ այն անձը, որ խոնարհեցաւ եւ իջաւ, որդեգրելով մանուկի մը դիւրաբեկ երեւոյթ։

Այս ձեւով Տէրը մեզի դաս տուաւ, որ մենք մեզ ուրիշներէն գերադաս չի դասենք, այլ կանչուած ենք խոնարհելու եւ տկարներուն սիրով  ծառայելու՝ փոքրիկներուն հետ փոքրիկ դառնալով։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ ՝՝Նոմատելֆիա՜՜ հասարակութեան հիմնադիր Հայր Տոն Զենօ Սալթինիին, ըսելով, որ ան լաւ հասկցաւ Աստուծոյ խորհուրդը, դժուարութիւններով եւ անհասկացողութիւններով հանդերձ, վստահութեամբ յառաջ ընթացաւ, նպատակ ունենալով ցանել Աւետարանին բարի աւետիսի սերմը նաեւ անբերրի հողերուն մէջ. զայն յաջողութեամբ կատարեց՝՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը աւեցնելով թէ յիշեալ հասարակութիւնը  վկայ է սոյն իրողութեան։ ։  

Եզրափակելով իր խօսքը, Սրբազան Հայրը քաջալերեց հասարակութեան անդամները  որ  Տոն Զենօ Թալթինիին յարատեւութիւնը, առաջնորդ հանդիսանայ իրենց ամենօրեայ յանձնառութեան,  պտղաբեր դարձնելու իրենց հիմնադիրին  բարիի սերմերը, որ առատութեամբ  ցանեց, ոգեւորուած Աւետարանի եւ Եկեղեցւոյ հանդէպ հարազատ սէրէն։

Քաջալերեց  նաեւ որ իրենց հոգեւոր ժառանգութիւնը, որ յատուկ կերպով առնչուած է եղբայրական կեանքին, եւ յատկանշուած է յատկապէս մանուկներու հիւրընկալութեամբ ինչպէս նաեւ տարեցներու հանդէպ խնամակալութեամբ՝  համայն ընկերութեան թող հանդիսանայ քնքշութեան եւ հոգածութեան տիպար։

 Տարեցներն  ու  մանուկները կը կազմեն ժողովուրդներուն ապագան, որովհետեւ մանուկները պատմութիւնը յառաջ պիտի տանին, իսկ տարեցները պիտի սփռեն իրենց փորձառութիւնն ու ապրած կեանքի  խոհեմութիւնը ։ Այս խօսքերէն ետք Սրբազան Հայրը բարի   ուղեւորութիւն մաղթեց՝ դէպի  Սուրբ Ծնունդի տօնը, որպէսզի զայն տօնակատարեն ուրախութեամբ եւ սրտի անդորրութեամբ։ Ապա բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնները, եւ խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.