2016-12-17 13:36:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մալթայի Հանրապետութեան Նախագահը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 17 դեկտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Մալթայի Հանրապետութեան նախագահ` Տիկին Մարի Լուիզ Քոլեյրօ Փրեքան որ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար` Կարդինալ Փարոլինին ու անոր ընկերացող Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու վարիչ` գերապայծառ Փոլ Կալլակէրի հետ։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին մատնանշուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Մալթայի միջեւ տիրող բարի յարաբերութիւնները, յատկապէս շեշտը դնելով կաթողիկէ կրօնի բերած սատարին` Երկրին ինքնութեան կազմաւորումի շրջագիծէն ներս, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ կարեւոր դերին` ի սպաս ընկերութեան մարդկային ու մշակութային զարգացումին։

Զրոյցներու ընթացքին շօշափուեցան ապա միջազգային ու շրջանային հարցեր, նկատի առնելով նաեւ  Մալթայի հանրապետութեան Եւրոմիութեան նախագահութեան ստանձնումը, յատուկէն ակնարկելով գաղթականութեան հարցին ու Միջերկրականի շրջանին մէջ տիրող պատերազմներուն, ինչպէս նաեւ մշակոյթներու եւ կրօններու միջեւ երկխօսութեան կարեւորութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.