2016-12-17 11:11:00

Քահանայապետի ծննդեան 80-րդ տարեդարձը։ Ութը անօճախներու նուէրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ծննդեան 80-րդ տարեդարձին առթիւ, շաբաթ 17 դեկտեմբերի առաւօտեան կանուխ, տարբեր ազգութիւններէ ութը անօճախներ, 2 կին եւ 6 այր մարդիկ, ընկերակցութեամբ Քահանայապետական ողորմնաբաշխութեան գրասենեակի պատասխանատու` գերապայծառ` Քոնրատ Քրայեւսքիի, այցելութիւն տուին Ֆրանչիսկոս Պապին`Տոմուս Սանթա Մարթայի բնակարանին մէջ, անոր նուիրելով երեք փունջ արեւածաղիկ զոր Քահանայապետը անմիջապէս զետեղել տուաւ Տոմուս Սանթա Մարթայի մարտան խորանին վրայ։

Առաւօտեան 7.15 անց Նորին Սրբութիւնը ընդունեց իր այս յատուկ հիւրերը մէկիկ մէկիկ բարեւելով իւրաքանչիւրը, ապա բոլորը հրաւիրեց նախաճաշի անոնց հրամցնելով նաեւ Արժանթինեան անուշեղէն։

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ծննդեան տարեդարձին առիթով Հռոմի բազմաթիւ բարեսիրական հաստատութիւններուն ներքոյ ու յատկապէս Քարիթասի նախաձեռնութեամբ, աղքատներուն պիտի հրամցուի Քահանայապետին տարեդարձին կարկանդակը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Ծննդեան սրբանկարն ու փոքրիկ նուէր մը։

Մինչ այդ կը շարունակուին Նորին Սրբութեան ուղղուիլ ծննդեան տարեդարձի բարեմաղթութիւնները, այս առթիւ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի ձեռնարկով զանազան լեզուներով ստեղծուած ''Ել'' հասցէներու միջոցաւ

Papafranciscus80@vatican.va  (Լատիներէն) 

PapaFrancesco80@vatican.va   (Իտալերէն)

PapaFrancisco80@vatican.va  (Սպաներէն - Փորթուկալներէն)

PopeFrancis80@vatican.va  (Անգլերէն)

PapeFrancois80@vatican.va  (Ֆրանսերէն)

PapstFranziskus80@vatican.va  (Գերմաներէն)

PapiezFranciszek80@vatican.va  (Լեհերէն)








All the contents on this site are copyrighted ©.