2016-12-17 10:03:00

Ս. Ծննդեան եւ նոր տարուան նշում «Նարեկի տիրամօր» ընկերային-բժշկական կեդրոնին մէջ


Կազմակերպութեամբ «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային-բժշկական կեդրոնին, երէկ` ուրբաթ, 16 դեկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, տեղի ունեցաւ կեդրոն յաճախող հայ ծերունիներու յատուկ Ս. Ծննդեան խրախճանք` ներկայութեամբ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեանի, նախկին նախարար եւ երեսփոխան մեթր Ժաք Չուխատարեանի, միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հոգեւոր հայրերու:

Օրուան հանդիսավարն էր Փաթիլ Մկրտիչեան, որ կեդրոնին մասին կարճ պատմական մը ներկայացնելէ ետք յայտնեց, որ «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային-բժշկական կեդրոնը Պուրճ Համուտի մէջ առաջին դարմանատունն էր` կառուցուած ֆրանսացիներուն կողմէ, իսկ 2000 թուականէն ի վեր կեդրոնը կը վայելէ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին անմիջական հովանաւորութիւնն ու հոգածութիւնը:

Խօսելով կեդրոն այցելող ծերունիներուն մասին` Մկրտիչեան ըսաւ, որ շուրջ 26 պապիկներ կեդրոն կը յաճախեն առօրեայ դրութեամբ` լաւ ժամանակ անցընելու, իսկ կեդրոնի պաշտօնեաները կը հիւրասիրեն զիրենք:

Կեդրոնին անունով խօսք առաւ տնօրէն տոքթ. Կոստան Եափուճեան, որ շեշտը դրաւ «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային-բժշկական կեդրոն յաճախող ծերունիներուն մատուցուած ծառայութիւններուն վրայ: Ծերունիներուն անունով ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք իրենց ժամանակը տրամադրած են Ս. Ծնունդն ու Նոր տարին նշելու հայ պապիկներուն հետ: Տոքթ. Եափուճեան բարիք մը գործելու կարեւորութեան մասին խօսելով` յայտնեց, որ անպայման փոխարէնը կը ստանանք, ինչ որ հոգեկան մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ մեզի:

Իր խօսքի աւարտին Կոստան Եափուճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր միութիւններուն, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ նուիրատուներուն, որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին եւ կ՛օժանդակեն կեդրոնի աշխատանքներուն ու զարգացման` մաղթելով, որ հայ պապիկներուն աղօթքները անպակաս ըլլան:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Գէորգ եպս. Ասատուրեան, որ յայտնեց, թէ կեդրոնին ճակատագիրը պիտի մնար անորոշ, եթէ չըլլար մեթր Չուխատարեանի եւ Աղքատախնամի միութեան անմիջական օժանդակութիւնը: Ան նաեւ յիշեցուց, որ շուտով պիտի նշենք Քրիստոսի ծնունդը, եւ այդ աւետիսը ինքնին մեզի յոյս կը ներշնչէ, որովհետեւ Քրիստոս սէր է` շեշտելով, որ միշտ պէտքէ աղօթենք ու խնդրենք Անոր շնորհն ու լոյսը: Գէորգ եպս. Ասատուրեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց կեդրոնի բոլոր պաշտօնեաներուն, տնօրէնին, միութիւններուն, աղքատախնամին, յատկապէս մեթր Ժաք Չուխատարեանին, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան: Ան հաստատեց, որ բոլորին նպատակը մէկ է` միշտ բարեսիրութիւն կատարել` յանուն հայ ժողովուրդին, եկեղեցւոյ եւ լեզուի պահպանման:

 

Պաշտօնակատար բաժինէն ետք ծերունիները եւ հիւրերը միասնաբար ճաշեցին հարազատ մթնոլորտի մէջ, ապա անոնց այցելեց Կաղանդ պապան եւ նուէրներ յանձնեց բոլոր հայ պապիկներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.