2016-12-17 09:43:00

Կարդինալներուն աղօթքն ու մաղթանքը Ֆրանչիսկոս Պապի 80-րդ տարեդարձին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Աղօթեցէք ինծի համար։ Բարեհաճեցէք աղօթել ինծի համար։ Ահա այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին իղձն ու փափաքը։

Սուրբ Պետրոսի գահին վրայ բարձրանալէն ի վեր ան չէ դադարած խնդրելէ ու կրկնելէ` թէ Ինք աղօթքի կը կարօտի։ Պէտք ունի այդ աղօթքին, իր ծանր ու նուիրեալ առաքելութիւնը յառաջ տանելու համար։

Այսօր եւս 80-րդ տարեդարձին առիթով ան ուրիշ նուէր պիտի չ՛ակնկալէր  եթէ ոչ Երկինք բարձրացած խնկաբոյր փունջ մը աղօթք` Քահանայապետի դիտաւորութեան։

Երբ համայն աշխարհէն միլիոնաւոր անձինք Տիեզերական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ` Ֆրանչիկսոս Քահանայապետին կ՛ուղղեն բարի տարեդարձի իրենց բարեմաղթութիւնները Նորին Սրբութիւնը ուզեց իր այս կեանքի կարեւոր հանգրուանը նշել յատուկ կերպով` Սուրբ համապատարագի արարողութեամբ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հռոմի մէջ բնակութիւն հաստատող բոլոր կարդինալները, միասնաբար գոհաբանութիւն մատուցելու Տիրոջ` Եկեղեցւոյ պարգեւած բոլոր բարիքներուն համար, այնպէս ինչպէս հաստատեց Կարդինալական դասին աւագերէցը Կարդինալ Անճելօ Սոտանոն, այս առթիւ արտասանած հակիրճ ողջոյնի խօսքին մէջ մէջբերելով Յիսուսին հարցումը ուղղուած Սիմոն Պետրոսին. ''Սիմոն Որդի Յովնանու  կը սիրե՞ս զիս ասոնցմէ աւելի''։ Ու Պետրոս կը պատասխանէ. Այո Տէր դուն գիտես թէ կը սիրեմ քեզ։ Ահա այս սիրով որ դուք Նորին Սրբութիւն կը մատուցէք ձեր առաքելութիւնը աշխարհին։ Ասոր համար մենք մօտիկ ենք ձեզի, այսօր աւելի քան երբեք, ու ձեզի պիտի ընկերանայ մեր աղօթքը։ “Ad multos annos! - Երկար Տարիներ”։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.