2016-12-17 10:15:00

Զինեալները կը խանգարեն Հալէպի մէջ համաձայնութեան գործադրութիւնը


«Մայատին» հաղորդեց, որ արեւելեան Հալէպէն զինեալները դուրս բերելու գործողութիւնը կասեցուած է, եւ կանաչ փոխադրակառքերը հեռացած են Ռամուսիյէ անցքէն, երբ զինեալները շրջանին դէմ կրակ բացած են:

Ռամուսիյէի մօտ ճամբաներուն վրայ պատնէշները վերականգնած են:

Արեւելեան Հալէպէն դուրս եկած վերջին խումբը կանգնած է Շէյխ Սուէյտ մայրուղիին վրայ, իսկ շուրջ 900 զինեալներ եւ անոնց ընտանիքները փոխադրող կարաւան մը վերադարձած է արեւելեան Հալէպի մէջ իր ելման կէտը:

Զինուորական աղբիւր մը «Մայատին»-ին յայտնած է, որ զինուորները իրենց հետ դուրս բերած են տեսակարար զէնքեր, մեծ գումարներ եւ գողցուած ոսկեղէն, ինչպէս նաեւ իրենց հետ տարած սուրիացի գերի զինուորներ, ինչ որ համաձայնութեան բացայայտ խախտում մըն է:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.