2016-12-17 09:50:00

Բարի Տարեդարձ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետի երկար տարիներու գործակից ու բարեկամ` Հայր Փեփէ Տի Փաուլա Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հեռաձայնական կապի մը ընթացքին յայտնած է թէ Պերկոլիոյ Քահանայապետը չի սիրեր ընդհանրապէս յատուկ կերպով նշել տարեդարձը ու նուէրներ ընդունիլ ու թէ հաւանաբար ամենալաւ նուէրը աղօթքն է։ Մինչ Քահանայապետի անմիջական գործակիցներէն մին` Վատիկանի Պետական Քարտուղարի տեղակալ գերապայծառ Պեչչու միշտ ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց թէ Սրբազան Քահանայապետին ամենալաւ նուէրը պիտի ըլլայ իմանալ թէ հակամարտութիւններու եւ պատերազմներու բռնկումները դադրած են ու թէ խաղաղութիւնը ընթացք առած է ու կը տարածուի ամենուրէք։ Այս խնդրենք յատկապէս Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ որպէս նուէր ըսաւ գերապայծառ Պեչչու հրաւէր ուղղելով նաեւ որպէսզի Ողորմութեան տարին չի հանդիսանայ միայն մեր կեանքէն ներս փակագիծ մը­, այլ դառնայ ամէն անհատի ու կղերականի կեանքը յատկանշող նոր սլացք մը։

Մինչ Յիսուսեան Միաբանութեան անդամ ու Քահանայապետի երբեմնի խօսնակ Հայր Ֆփտերիքօ Լոմպարտի` Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց թէ ինք յաճախ հարց տուած էր Սրբազան Քահանայապետին թէ ու՞ր կը գտնէ  յառաջ ընդանալու կորովը  ու Քահանայապետը պատասխանած է թէ այս մէկը ''ծերութեան շնորհք է'' որ է ըսել եթէ Աստուած քեզի կը պարգեւէ ծանր պարտականութիւն մը, քեզի պէտք եղած ուժն ու կորովն ալ կը պարգեւէ։

Բարի տարեդարձ Ֆրանչիսկոս Պապ։ Երկար Տարիներ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.