2016-12-16 08:37:00

Փութին՝''Ֆորպզ''ի հռչակած ''Տարուան ամենաազդեցիկ անձնաւորութիւն''ը


«Ֆորպզ» հրապարակեց անունը 2016ի «Տարուան ամենաազդեցիկ անձնաւորութիւն»ին, որ յաջորդական չորրոդ տարին ըլլալով՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն է։ Թերթը կը գրէ, որ Ռուսիոյ նախագահը իր երկրին ազդեցութիւնը կը տարածէ երկրագունդի չորս կողմը՝ «իր ուզածին տիրանալով»։

Ցանկին վրայ երկրորդ տեղը կը գրաւէ Միացեալ Նահանգներու ընտրեալ նախագահ Տանըլտ Թրամփը, իսկ երրորդը՝ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը, որ 2015ին երկրորդ դիրքի վրայ էր։

Ցանկին վրայ են նաեւ «Մայքրոսոֆ»չի հիմնադիր Պիլ Կէյթսը (7րդ), Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին (9րդ), «Ֆէյսպուք»ի հիմնադիր Մարք Զուքըրպըրկը (10րդ), ՄԱԿի նորընտիր ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշը (36րդ), Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը (56րդ) եւ «Քայիտա»ի առաջնորդ Այման Զաուահիրին (71րդ)։

Նախագահ Պարաք Օպամա, որ նախորդ տարուան ցանկին վրայ երրորդն էր, այս տարուան ցանկին 48րդ դիրքին վրայ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.