2016-12-15 12:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը ''Յիսուս Մանուկ'' հիւանդանոցի ընտանիքին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 15 Դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ. սրահին մէջ ընդունեց Հռոմի ''Յիսուս Մանուկ'' հիւանդանոցի ընտանիքը՝  երեխաներ, բժիշկներ, աշխատակիցներ, հետախոյզներ, բուժքոյրեր, օգնականներ, ուսանողներ, թեքնիք եւ վարչական անձնակազմի ներկայացուցիչներ, կղերիկոսներ, կամաւորներ, ուսուցիչներ եւ միութիւններու անդամներ։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։

'Յիսուս Մանուկ'' հիւանդանոցը կը գործէ 1869 թուականէն սկսեալ, իբր Իտալիոյ առաջին մանկական հիւանդանոցը։ Սալվիաթի ընտանիքը, 1924 թուականին, հիւանդանոցը նուիրած է Վատիկանին։ Ան կը համագործակցի Յորդանանի, Պաղեստինի եւ Կենդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան հետ։ Ան Եւրոպայի մեծագոյն մանկական հիւանդանոցներէն եւ հետախուզութեան կենդրոններէն մին է։

Ներկայիս աւելի քան 150 երեխաներ կը խնամուին հիւանդանոցին մէջ, որոնց կարգին նաեւ մանուկներ` 15 տարբեր երկիրներէ։ Կենդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութենէն եկող հիւանդ մանուկներուն կընկերանար նոր անուանեալ կարդինալ Պանկիի Տիէօտոննէ Նզափալաինկա։

Հիւանդանոցի կողմէ խօսք առին հաստատութեան նախագահը՝ բժշկուհի Մարիելլա Էնոք, բուժքոյր մը, բժշկական խնամակալութեան ուսանող մը եւ հիւանդանոցի օգնականներէն մին, որ 35 տարիներէ ի վեր կը գործէ այնտեղ։

Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Սրբազան Քահանայապետին, նաեւ անոր համար, որ Վատիկանը տարածք մը տրամադրած է, ուր կը կարողանան էջք կատարել հիւանդատար ուղղաթիռները։

Սրբազան Պապը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց տուած վկայութիւններուն համար, եւ անդրադարձաւ ուղղուած հարցումներուն, պատասխանելով՝ թէ տառապանքի էութիւնը կարելի չէ հասկնալ, եւ թէ չկայ պատասխան այն հարցին՝ թէ ինչու՞ կը տառապինք։ Ան նշեց, թէ ինքնին Յիսուս ցոյց տուաւ թէ էական է՝ ոչ թէ հարց տալ թէ “ինչու՞ կը տառապինք” այլ թէ “որու՞ն համար կը տառապինք”։

Սրբազան Հայրը շեշտեց նաեւ թէ պէտք է երախտագէտ ըլլալ այն անձերուն, որոնք իրենց ջանքերով յոյս կը ներշնչեն։ Ան խօսեցաւ “փոքր բաներու”, փոքր քայլերու գեղեցկութեան մասին, յիշեցնելով՝ թէ Յիսուս ալ աշխարհ եկաւ իբր փոքր եւ տկար մանուկ, եւ աճեցաւ ընտանեկան շրջանակէն ներս՝ առանց աճապարանքի։ Ապա ակնարկելով “Յիսուս Մանուկ” հիւանդանոցին, Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ, թէ հիւանդանոցն ալ ունեցած է սահմանափակումներ, սակայն անոնք արգելք չեն հանդիսացած կասեցնելու անոր գործունէութիւնը, այլ ան միշտ նոր ծրագիրներ եւ գործունէութիւններ մշակած է, առաքելութիւնը տարածելով նաեւ այլ ցամաքամասերու մէջ։

Սրբազան Պապը յորդորեց երիտասարդները որ երբեք թմրաքունի մէջ չմտնեն, այլ կենդանի պահեն երազանքները, որովհետեւ կեանք մը առանց երազանքի՝ քրիստոնէական կեանք չէ եւ արժանի չէ Աստուծոյ։

Խօսքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց նուիրումի անհրաժեշտութեան վրայ։ Ան նշեց, թէ նուիրումը պէտք է ըլլայ անբաժան մաս մեր առօրեայ կեանքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.