2016-12-15 10:09:00

Սուրիական բանակը վերսկսաւ արեւելեան Հալէպի մէջ իր գործողութիւնները


Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ սուրիական բանակը ետ մղած է արեւելեան Հալէպի մէջ զինադադարը խախտած զինեալներու յարձակումը:

Նախարարութիւնը նշեց, որ զինեալները զինադադարը օգտագործած են վերախմբուելու եւ կռիւը շարունակելու` փորձելով սուրիական բանակի դիրքերը շրջանցել:

Սուրիական զինուորական աղբիւր մը սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, որ բանակը վերսկսած է արեւելեան Հալէպի մէջ իր գործողութեան: Սուրիական զինուորական այլ աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ քաղաքի ամբողջական ազատագրութեան յայտարարութիւնը ժամանակի հարց է` աւելցնելով, որ այդտեղ մնացած զինեալները կը մերժեն մեկնիլ քաղաքէն:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նշած է, որ Սուրիոյ կառավարական ուժերն ու այլ խմբաւորումները կը փորձեն արգելք հանդիսանալ զինադադարին, որուն իրագործման համար մեծ ջանք կը թափէ Թուրքիան:

Ան նշեց, որ այսպիսի մարդասիրական հարցի մէջ կարիքը չկայ գնդակը նետելու դիմացի կողմի դաշտին մէջ, որովհետեւ գոյացած է համաձայնութիւն մը եւ պէտք է զայն գործադրել:

Նախապէս Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդած էր, որ զինեալները Հալէպէն դուրս բերելու գործողութիւնը յետաձգուած է ոչ յստակ պատճառներով:

Ըստ համաձայնութեան, շուրջ 5000 զինեալներ եւ անոնց ընտանիքները Ռամուսա անցքին ճամբով Հալէպէն պիտի հեռանան Աթարեպ, որ կը գտնուի Հալէպի արեւմտեան գիւղական շրջանին եւ Իտլիպի արեւելեան գիւղական շրջանին միջեւ:

ՄԱԿ յայտարարեց, որ կապ չունի զինեալները Հալէպէն դուրս բերելու ծրագիրին հետ, սակայն պատրաստ է զայն դիւրացնելու:

Հմէյմիմի, ռուսական կեդրոնը իր կարգին հաղորդեց, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին վեց հազար քաղաքայիններ հեռացած են զինեալներուն վերահսկողութեան տակ գտնուող թաղամասերէն եւ 366 զինեալներ վար դրած են իրենց զէնքերը:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր երկրի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին յանձնարարեց կարելի ամէն ինչ ընել Սուրիոյ մէջ բռնութիւններուն վերջ տալու համար:

«Ան իր խմբակին յանձնարարած է ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները իրենց գործողութիւնները համաձայնեցնելով դաշնակիցներու եւ գործընկերներու հետ` բռնութեան կրճատման, մարդասիրական օգնութեան տրամադրման, ինչպէս նաեւ անվնաս դուրս բերելու անոնց, որոնք փակուած են պաշարուած քաղաքին մէջ (Հալէպի մէջ), եթէ անոնք ատիկա ուզեն», նշուած է Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.