2016-12-15 11:47:00

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ Գերապայծառ Աուզայի տարեցներու հայող ելոյթը


(Ռատիօ Վատիկան)  ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ վերջերս  գումարուեցաւ նիստ մը , որուն ընթացքին  քննարկուեցան   տարեցներու իրաւունքներու եւ արժանապատուութեան պաշտպանութեան հայող հարցեր։ Յիշեալ նիստին խօսք առաւ ՄԱԿ-ի մօտ  Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ գերապայծառ՝ Պերնատիթօ Աուզան։ Ան իր ելոյթին մէջ նախ անդրադառնալ տուաւ, որ մինչեւ 2050 թուական, աշխարհի մէջ տարեցներուն թիւը պիտի հասնի գրեթէ 2,1 միլիառի։ Ապա ընդգծեց որ տարեցները պէտք չէ համարուին որպէս աւելորդ ծախս աշխարի տնտեսութեան համար, եւ ոչ ալ ընկերութեան մէջ անհաճելի ներկայութիւն։ Տարեցներու արժանապատուութեան հանդէպ յարգանքը վերջ չի գտներ անոնց տարիքի բերումով եւ ոչ ալ շուկային մէջ բերուած նպաստի պատճառով։ 
Վատիկանի դիւանագէտը, յորդորեց ներկաները, որ իրենց երկիրներուն մէջ տարեցներու արժանապատուութեան յարգանքի պաշտպանութեան հայող որդեգրած թղթածրարները չի մնան լոկ խօսք այլ գործադրուին։
Ելոյթի  աւարտին  Գերապայծառ Աուզան նիստի մասնակիցներուն ուշադրութեան յանձնեց Ֆրանչիսկոս Պապի տարեցներուն հանդէպ ունեցած տեսակէտը՝ թէ տարեցները պէտք չէ տառապին մեկուսացուած կեանք ապրելով, կամ ինքզինքին լքուած զգան՝ մնացորդաց մշակոյթի մը բերած երեւոյթէն։ Ընդհակառակը , տարեցները կարեւոր դերակատարութիւն ունին այս աշխարհի մէջ,  յատկապէս այս  պատմական ժամանակաշրջանին մէջ, ուր մարդկութիւնը կը պայքարի վերագտնելու համար իր յատուկ ինքնութիւնը, եւ ուր ապագան  անյայտ եւ անհաստատ կը թուի բոլորին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.