2016-12-15 10:51:00

Հռոմի մէջ արեւելածէս երգչախումբերու խաղաղութեան նուիրուած Սուրբ Ծննդեան համերգ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 15 դեկտմբերին երեկոյեան ժամը 6-ին,  Հռոմի  Santa Maria in Cosmedin պազիլիքային մէջ կարգ մը արեւելածէս նորընծաներ, որոնց շարքին նաեւ Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ կաթողիկէ դպրեվանքի սաները, իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն '' արեւելածէս երգչախումբերու Սուրբ Ծննդեան 7-րդ համերգին, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր երգչախումբ կը ներկայացնէ իւրայատուկ ծէսի ծննդեան տաղեր ու շարականներ։

Լեւոնեան Քահանայապետական  հայ կաթողիկէ Վարժարանը պիտի ներկայացնէ , հետեւեալ հայկական շարականները՝ Խորհուրդ Մեծ, Մայր Սուր եւ Ուրախ Լերուք։

Այս տարի ծննդեան 7-րդ  համերգը նուիրուած է Իրաքի եւ Սուրիոյ գաղթականներու տուն վերադարձի յոյսի ներշնչման ինչպէս նաեւ բոլոր հալածուածներուն  խաղաղութեան դիտաւորութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.