2016-12-15 10:20:00

Արամ Ա. բացումը կը կատարէ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան 7-րդ համագումարին


Երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2016-ին սկիզբ առաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի Իրան կատարած այցելութեան առաջին օրը:

Վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան Ծ. վրդ. Քէչէճեանի, Թեհրանի հայոց թեմի թեմական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն եւ իր շքախումբի անդամներուն, այցելեց Իրանի Մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ կազմակերպութեան նախագահ դոկտ. Ապուզար Իպրահիմիի, Կրօններու երկխօսութեան միջազգային կեդրոնի նախագահ դոկտ. Մոհամետ Մեհտի Թասխիրիի եւ պետական զանազան միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ:

Վեհափառ հայրապետը Մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան կազմակերպութեան «Հուսէյնիէ Ալ Զահրա» սրահին մէջ պաշտօնապէս բացումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն-Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան   7-րդ համագումարին, որ կը կրէ «Շրջանին մէջ ծայրայեղութեան ու բրտութեան կանխարգիլման գծով կրօնական բարոյագիտութեան եւ բանականութեան դերը» խորագիրը:

Վեհափառ հայրապետը իր բացման խօսքին մէջ յիշեց, թէ կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը անմիջական պէտք մըն է` աւելի համերաշխ ու առողջ ընկերութիւն մը ունենալու համար: Վեհափառ հայրապետը նշեց նաեւ, թէ` «այս փոքր աշխարհին մէջ չենք կրնար ապրիլ առանց փոխյարաբերութեանց ու փոխադարձ յարգանքի: Որպէսզի կարենանք ապրիլ, գործել եւ յառաջդիմել միասնաբար, փոխադարձ հասկացողութիւնը կը նկատենք կենսական»:

Յայտնենք, որ սոյն համագումարը պիտի տարածուի երկու օրերու վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.