2016-12-14 09:47:00

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարը այցելեց Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարան


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2016-ի կէսօրին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, որուն կ՛ուղեկցէին Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան  Սամուէլ Մկրտչեան եւ դեսպանատան անձնակազմի անդամներ: Հանդիպումին ներկայ եղան արհիապատիւ, գերյարգելի, գերապատիւ  եւ արժանապատիւ հայրեր, պետական երեսփոխան մեթր Սերժ Թուրսարգիսեան, նախկին նախարար մեթր Ժաք Չուխատարեան եւ հայ կաթողիկէ համայնքի միութենական մարմիններու անդամներ:

Աւելի քան ժամ մը տեւած եւ շատ ջերմ ու սրտբաց խօսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ համայն հայութիւնը յուզող հարցերու: Նախարար Յակոբեան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ ընթացք առած բարեփոխումներուն բազմաթիւ եւ մասնաւորաբար տնտեսական մարզերուն մէջ: Ան շեշտեց հայրենի պետականութեան հզօրացման ի խնդիր հայրենի տնտեսութեան զարգացման կարեւորութիւնը եւ այս նպատակով ներդրումներու անհրաժեշտութինը: Նախարար Յակոբեան բարձր գնահատեց Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ընդհանրապէս հայրենանպաստ գործունէութիւնը եւ մասնաւորաբար սուրիահայ գաղթականներու Հայաստան ընդունման եւ տեղաւորման աշխատանքներուն անոր աջակցութիւնը: Ան լուսաբանութիւններ ու բացատրութիւններ տուաւ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ կողմէ` կրթական, քրիստոնէական դաստիարակութեան, Արցախի շուրջ բանակցութիւններու ընթացքին, սփիւռքի նախարարութեան ծաւալած գործունէութեան եւ հուսկ` Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետի Հայաստան կատարած այցելութեան անդրադարձներու մասին:

Այսպիսի օգտաշատ հանդիպումները աւելի յաճախակի տեսնելու մաղթանքով` նախարար Հրանուշ Յակոբեան հրաժեշտ առաւ ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջմէ:

 

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.