2016-12-14 11:42:00

Հալէպի Յիսուսեաններուն ''Վարդանանց'' հայ հասարակութիւնը թիրախ դարձած է ռմբակոծման։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ շաբաթ, 10 դետկտմբերի յետմիջօրէին, ժամը 5,45-ին,  Հալէպի Յիսուսեան միաբանութեան վարդանանց հասարակութեան բնակավայրին վրայ ինկած են երկու ռումբեր։ Ընդհանրապէս, այդ ժամուն Յիսուսեան հայրերը սուրբ Պատարագ կը մատուցեն, սակայն այդ օր անոնք նախախնամական կերպով որոշած էին արարողութիւնը կատարել այլ վայրի մը մէջ։

Սոյն  տեղեկութիւնները հրապարակած է ՝՝տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն՝՝ հաստատութիւնը''  կապ պահելով Հալէպի Յիսուսեան Վարդանանց հայ հասարակութեան հետ, որոնք ապա նշած են թէ '' Յիսուսեանները  երբեք իրենց յոյսը  չեն կորսնցուցած''։ Անոնք ապա նշելով թէ ''Աղէտալի դէպքի մը դիմաց ժողովուրդը կը կարծէ, թէ Աստուած պէտք չէր զայն թոյլատրել'' ընգդծած են թէ ''Մենք որ մահուան հետ միատեղ կ՝ապրինք, ականատես կ՝ըլլանք,  որ Աստուած ամէն տեղ է։ Անոր նախախնամութիւնը կը մեղմացնէ  չարը՝՝։

Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութիւնը յայտնած  է նաեւ, թէ Հալէպէն երկու ժամ ինքնաշարժով հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին Միշրեֆէ, Ռապլէ եւ Այն Ալաքուիմ գիւղերը, որոնք կը պատկանին ''Լաուչիտեա'' թեմին։ 

700 մթ բարձրութեան վրայ գտնուող  վերոյիշեալ գիւղերուն մէջ կ՝ապրին հազարաւոր ընտանիքներ, որոնց համար Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով Իտալիոյ մէջ ձեռնարկած է դրամահաւաք երաշխաւորելու համար անոնց բնակարաններուն ջերմութեան միջոցները։

Քահանայապետական Բարեսիրական վերոնշեալ հաստատութիւնը, Հալէպի մօտակայքը գտնուող թեմի հաւատացեալներուն համար , նախաձեռնած է այլ ծրագիրներ,  ապահովուելու համար  մանուկներուն համար կաթ ու այլ հիմնական կարիքներ։  Նշենք թէ Վարդանանց հասարակութեան բնակավայրը ռմբակոծման հետեւանքով կրած է  ծանր նիւթական կորուստներ ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.