2016-12-14 09:57:00

Հալէպի մէջ հայ արհեստաւորները սկսած են վերանորոգման աշխատանքները


Սուրիական կառավարական բանակը դեռեւս պաշտօնապէս չէ յայտարարած Հալէպի ազատագրման մասին, սակայն բանակի նուաճումները հրաշալի են եւ լայնածաւալ. Ըսած է հալէպահայ գրող, վերլուծաբան Յարութ Օրտէքեան:

 Անոր խօսքով` Հալէպի քանի մը փոքր շրջաններ` մօտաւորապէս 8 քմ․ քառակուսի տարածք, դեռ ազատագրուած չէ, սակայն կառավարական բանակը այդ ուղղութեամբ իր աշխատանքները կը շարունակէ:

Այն հարցումին, թէ Հալէպ քաղաքին մօտ ո՞ր շրջաններն են, որ դեռ կը գտնուին ահաբեկիչներու տիրապետութեան տակ, Օրտէքեան պատասխանած է. «Անսարի, Սըքարի, Ամիրիէ, Մաշհատ, Զըպտիէ եւ քանի այլ շրջաններ, սակայն ամէն վայրկեան կարելի է ազատագրել եւս մէկ շրջան: Եթէ զինեալներու նահանջի համար ճանապարհ բանալու նպատակով ռուս-ամերիկեան համաձայնութեամբ կարճատեւ հրադադար յայտարարուի, ամէն ինչ շատ արագ պիտի ընթանայ»:

Ան նաեւ նշած է, որ Հալէպի մէջ երէկուայ նուաճումներէն ետք գերազանց է հալէպահայ գաղութին եւ տեղի ժողովուրդին տրամադրութիւնը:

«Ժողովուրդը գերուրախ է եւ լիայոյս. վերջապէս 4 տարիներու երազանքը կ՛իրականանայ: Ժողովուրդը լաւ կը գիտակցի, այսպէս կոչուած, յեղափոխութեան իսկութիւնը եւ կը ցանկայ վայրկեան առաջ վերջնականապէս դադրիլ ահաբեկիչներու «թնդանօթի միս» դառնալէ»,- նշած է Օրտէքեան` աւելցնելով, որ վտանգը հայկական թաղամասերու մէջ համարեա չէզոքացուած է, ծնողները առաջին անգամ հանգիստ մտքով իրենց երեխաները կ՛ուղարկեն վարժարան, ազատագրուած շրջաններու մէջ հայ արհեստաւորները սկսած են վերանորոգման աշխատանքները, գաղութին մէջ կը տիրէ վերականգնումի հոգեբանութիւն:

«Պէտք է նշել, սակայն, որ հայ մայրերուն սիրտը վերջնականապէս կը հանգստանայ, երբ վերջին ահաբեկիչը հեռանայ քաղաքէն»,- ըսած է ան:

 Ինչ կը վերաբերի ելեկտրականութեան, ջուրի եւ համացանցի հասանելիութեան, Օրտեքեան նշած է, որ ժողովուրդը ելեկտրականութիւն կը ստանայ թաղամասերու մէջ տեղադրուած ելեկտածին սարքերէ, ջուրի մատակարարումը վերականգնուած է, իսկ համացանցը հասանելի է բոլորին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.