2016-12-13 10:07:00

Քրտական զինեալ խմբաւորում մը ստանձնեց Պոլսոյ մէջ պայթումին պատասխանատուութիւնը


Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10ի գիշերը, Պոլսոյ Պեշիկթաշ շրջանը գտնուող ֆութպոլի մարզադաշտի յարակից տարածքին մէջ տեղի ունեցած առնուազն երկու պայթումներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնեց «Քիւրտիստանի ազատութեան բազէներ» կազմակերպութիւնը՝ շեշտելով, որ կազմակերպութեան երկու անդամներ անձնասպանական արարքներով իրականացուցած են ոստիկանութեան վրայ այս յարձակումը։

Կազմակերպութիւնը յարձակումը նկատած է երկրի քրտաբնակ շրջաններուն մէջ Թուրքիոյ ապահովական մարմիններուն կողմէ շարունակուող բռնարարքներուն եւ քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանի բանտարկութեան իբրեւ հակադարձութիւն։

Պաշտօնական տուեալներու համաձայն՝ յարձակումներուն հետեւանքով սպաննուած է 44 հոգի, մեծամասնութեամբ՝ ոստիկաններ։

Վիրաւորուած են աւելի քան 155 ուրիշներ, եւ ոստիկանութիւնը ցարդ ձերբակալած է 235 կասկածելիներ։

«Մարմարա» կը գրէ, թէ Կիրակի օր Թուրքիոյ ժողովուրդին ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ այս պատահարին վրայ։ Երեք կուսակցութիւններ՝ իշխողը եւ ընդդիմադիր հանրապետականն ու ազգայնականը, միասնաբար պատրաստեցին ահաբեկչութիւնը դատապարտող յայտարարութիւն մը, մինչ քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխանները մերժեցին ստորագրել այդ յայտարարագիրը, այլ խորհրդարանին մէջ կարդացին իրենց իսկ պատրաստած պատճէնը՝ դատապարտելով ահաբեկչութիւնը։

Նաեւ, Պեշիկթաշի մարզադաշտին մօտ ցոյցեր կատարուեցան յարձակումին դէմ։

«Տեղական բոլոր թերթերը՝ կառավարութեան համակիր թէ անոր ընդդիմադիր, նոյն լեզուով կը դատապարտեն Պեշիկթաշի պայթումները», կը գրէ «Մարմարա»։

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.