2016-12-13 09:59:00

Սուրիական բանակը իր հակակշիռին տակ կ՛առնէ արեւելեան Հալէպի 98 տոկոսը


Մարդասիրական նպատակով հաստատուած ժամանակաւոր զինադադարէն ետք, սուրիական բանակն ու անոր համակիր ուժերը անցած շաբաթավերջին վերսկսած էին իսլամ ծայրայեղական զինեալներու հակակշիռին տակ գտնուող արեւելեան Հալէպի վրայ իրենց յարձակումը, եւ Դեկտեմբեր 12ի տուեալներով՝ արդէն իրենց հակակշիռին տակ առած են այդ տարածքին 98 տոկոսը։

Սակայն, Լոնտոն հաստատուած Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանին տուեալներով՝ ապստամբները կը շարունակեն իրենց հակակշիռին տակ պահել արեւելեան Հալէպի 7 տոկոսը։

Սուրիական բանակի վերջին կարեւորագոյն իրագործումը եղած է արեւելեան Հալէպի Շէյխ Սայիտ շրջանի վերատիրցումը։

Միւս կողմէ, ընդդիմադիր գործիչներ հաղորդեցին, որ զէնք-զինամթերքով բեռնաւորուած ամերիկեան ապրանքատար 7 ուղղաթիռներ հասած են Ռաքքայի հիւսիսային գիւղական շրջանի Այն Իսա քաղաքը գտնուող իրենց զինուորական խարիսխը։

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան կայքին վրայ հրապարակուած յուշագիրին մէջ կ՛ըսուի, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ջնջած է Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին գծով Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներուն զէնքի մատակարարման սահմանափակումները:

«Այն գործողութիւնները, որոնք կը ներառեն ինքնապաշտպանութեան սարքերու եւ ծառայութիւններու տրամադրում՝ արտասահմանեան ուժերուն, ոչ-կանոնաւոր ուժերուն, խումբերուն կամ անձերուն, որոնք կ՛օժանդակեն Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին գծով Միացեալ Նահանգներու զինուորական գործողութեանց, կարեւոր նշանակութիւն ունին Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան շահերուն համար», ըսուած է ամերիկեան փաստաթուղթին մէջ:

Մինչ այդ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա, անցեալ շաբաթավերջին, իր մասնայատուկ ուժերէն յաւելեալ 300 անդամներ ուղարկած է հիւսիսային Սուրիա, անցեալ Օգոստոսէն ի վեր թրքական զինեալ ուժերուն կողմէ այնտեղ իրականացուող «Եփրատի վահան» զինուորական գործողութեան մասնակցելու համար:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.