2016-12-12 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հեռաձայնային կապ հաստատած է Ղպտիներու Թավատրոս Բ Պատրիարքին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Կիրակի 11 դեկտեմբերին, Գահիրէի մէջ Ղպտի հաւատացեալներուն դէմ գործադրուած ահաբեկչական գործողութեան ի լուր, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ երկուշաբթի, 12 նոյեմբերի առաւօտեան,   հեռաձայնային կապ հաստատած է Աղեքսանդրիոյ Օրթոտոքս Ղպտիներու` Թավատոս Բ Պատրիարքին հետ,   ցաւակցութիւնները յայտնելու համար Սուրբ Մարկոս տաճարին դէմ տեղի ունեցած յարձակումին ի տես։ 

Այս մասին,  Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝  Կրէք Պուրք հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը  որուն մէջ կը նշէ  թէ . Երկուշաբթի, 12 դեկտեմբերին առաւօտեան  Ֆրանչիսկոս Պապ հեռաձայնային կապ հաստատած է Թավատրոս Բ Պատրարքին հետ, Անոր եւ Ղպտի հասարակութեան յայտնելով մօտիկութիւնը իրենց  դէմ գործադրուած ահաբեկչական գործողութեան ի լուր։

Թավատրոս Պատրիարքը իր կարգին յիշած է   Ֆրանչիսկոս Պապի  ՝՝արեան համամիութիւն՝՝  արտայայտութիւնը՝՝ զոր արտասանած  էր վերջերս  ՝Վատիկանի մէջ իրենց միջեւ կայացած հանդիպումի ընթացքին ։

Ֆրանչիսկսո Պապ ապա ընդգծած է թէ ՝՝մենք բոլորս միացած են մեր մարտիրոսներուն արեան մէջ՝՝  ու Ղպտի Պատիրարքին  խոստացած է , որ  այսօր Կուատալուփէ Տիրամօր տօնին առիթով մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին  պիտի աղօթէ նաեւ Ղպտի հասարակութեան համար։

Թավատրոս Բ Պատրիարք շնորհակալութիւն յայտնած Ֆրանչիսկոս Պապին այս պահուս մօտիկութիւն ցուցաբերած ըլլալուն համար եւ խնդած է Նորին Սրբութենէն   որ աղօթէ Եգիպտոսի խաղաղութեան համար,  ապահովեցնելով, թէ   համայն Ղպտի հասարակութեան պիտի փոխանցէ Ֆրանչիսկսոս Պապին արտայայտած ցաւակցութիւնները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.