2016-12-12 10:34:00

Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը միշտ Ղարաբաղի կողքին


Հայաստանն ու Արցախը կը հանդիսանան Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի աշակերտութեան ազգային դաստիարակութեան հիմքը եւ անոր տնօրէնութեան ու անձնակազմին՝ ազգային վեհ պարտականութեան կիզակէտերը:

Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանը, հաւատարիմ ըլլալով իր քրիստոնէական, մարդկային եւ ազգային առաքելութեան, բնականաբար չէր կրնար շրջանցել ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան այն շատ կարեւոր կոչը՝ 2017 թուականին սփիւռքեան համայնքներու կողմէ կազմակերպուող բոլոր ձեռնարկները նուիրելու Արցախին (փառատօներ, մշակութային երեկոներ, մրցոյթներ, արիւնատուչութեան ձեռնարկներ, համերգներ, ցուցահանդէսներ, դրամահաւաքներ եւ այլն), ինչպէս կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Վարժարանը չէր կրնար անմասն մնալ՝ «2017 թուականը համայն հայութեան համար թող դառնայ Արցախի տարի» կարգախօսի գործադրութեան գործին մէջ:

Հետեւաբար, տնօրէնութիւնս որոշեց  «Դուն ի՞նչ կ՝ընես Ղարաբաղի համար» նախաձեռնութեան մէջ կարեւոր եւ գործնական դեր մը ստանձնել ակադեմական իր գործելադաշտի ծիրէն ներս՝ ըլլալու համար Ղարաբաղի կողքին:

Պատասխանատուներու մակարդակով խորհրդակցութիւնները յանգեցան շարք մը ծրագիրներու, որոնց մեկնարկը պիտի կատարուի յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, վարժարանէն ներս: Հանդիսութիւնը պիտի հովանաւորէ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը, իսկ իր նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ հանդիսութիւնը պիտի պատուէ՝ ՀՀ Սփիւռքի Վսեմափայլ նախարար Հրանուշ Յակոբեանը:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.