2016-12-12 11:54:00

Ահաբեկչական գործողութիւն Գահիրէի Ղպտի քրիստոնեաներուն դէմ


(Ռատիօ Վատիկան) Եգիպտոսի քրիստոնեայ հասարակութիւնը դարձեալ թիրախ դարձաւ արիւնալի ահաբեկչական մէկ գործողութեան. որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2016-ի, առաւօտեան,  Գահիրէի  Սուրբ Մարկոս մայր տաճարին մօտակայքը գտնուող, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ։ Ականի մը ուժգին պայթումի հետեւանքով  զոհ գացին  Ղպտի  25  հաւատացեալներ, որոնց մեծամասնութիւնը մանուկներ ու կիներ էին։   

՝՝Ազիա նիւզի՝՝ տեղեկութեան համաձայն.  պայթումի վայրը փութացած է  եւ աւերակներուն ականատես եղած է Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարար Տիար` Մակտի Ապտել Ղաֆֆարը։  Ըստ տեղեկութիւններուն, առ այժմ ոչ մէկը ստանձնած է պայթումի պատասխանատուութիւնը։

Գահիրէի Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պայթումը կը համարուի ամենէն մեծ աղէտը գործադրուած ղպտի Քրիստոնեաներուն դէմ։ 2011 թուականին յունուար ամսոյս սկիզբը ահաբեկչական յարձակում մը  պատճառած էր 21 մեռեալներ եւ աւելի քան 70 վիրաւորներ։

Նշենք թէ Սուրբ Մարկոս Եկեղեցին, Ղպտիներուն Թավատրոս Բ Պատրիարքին նստավայրն է ։ կիրակի 11 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկսոս Սրբազան Քահանայապետ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին զօրակցութիւն յայտնեց Թավատրոս Պատրարքին ու Ղպտի հասարակութեան,  անոնց ապահովեցնելով մօտիկութիւն եւ աղօթք։








All the contents on this site are copyrighted ©.