2016-12-12 10:23:00

«Հայոց լեզուի հիմնախնդիրներ» թեմայով կլոր սեղան-քննարկում


Դեկտեմբեր 9-ին ՀՀ գրողներու միութեան դահլիճին մէջ` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին եւ ՀՀ գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Հայոց լեզուի հիմնախնդիրներ» կլոր սեղան-քննարկում, որուն մասնակցեցան ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիկտոր Կատուալեան, ՀՀ սփիւռքի նախարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, Հայաստանի գրողներու միութեան քարտուղար Պերճ Տէմիրճեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչներ, ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի գիտաշխատողներ, գրողներ, մտաւորականներ, հասարակութեան ներկայացուցիչներ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի անունէն շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ ԳԱԱ լեզուի հիմնարկին եւ Հայաստանի գրողներու միութեան ղեկավարներուն  համագործակցութեան համար եւ յոյս յայտնեց, որ քննարկման արդիւնքով կը ստեղծուի լեզուի մաքրութեան պահպանման հարցերով մտահոգ, շահագրգիռ եւ գործունեայ անձանց խորհուրդ:

Ծաւալեցաւ լուրջ քննարկում լեզուի խնդիրներուն վերաբերեալ: Լեզուաբանները, գրականագէտները, մտաւորականները ներկայացուցին իրենց պատկերացումները լեզուի անաղարտութեան պահպանման ուղիներու, զարգացման հեռանկարներու, գրական հայերէնի երկու ճիւղերու լեզուավիճակներու, ատոնց դերին ու խնդիրներուն մասին:

Քննարկուեցան հայոց լեզուի անաղարտութեան պահպանման իրաւական խնդիրները, տարբեր ոլորտներու մէջ լեզուի գործառութեան մերժելի երեւոյթները, հնչեցին գործնական առաջարկներ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին եւ Հայաստանի գրողներու միութեան ներկայացուցիչներու առաջարկով որոշուեցաւ ստեղծել մասնագիտական խորհուրդ մը, որ լեզուական խնդիրներու համակարգման հարցեր եւ լուծման ուղիներ կը մշակէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.