2016-12-10 12:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Կաթողիկէ Միջազգային Գիւղական Միութեան անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 10 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց Կաթողիկէ Միջազգային Գիւղական Միութեան հանդիպումի մասնակիցները ու անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ գիւղատնտեսական ծանր աշխատանքին, որ կը կատարուի ուրիշներուն համար մատուցուած ծառայութեան գիտակցութեամբ եւ եռանդով։

Միութեան անդամները կը ներկայացնեն “երկրագունդի պարտէզին մշակումի եւ պահպանումի” հրամայականը հաստատեց Քահանայապետը ու աւելցուց թէ ''Հասարակաց տան պաշտպանութիւնը կ’ապահովէ Աստուծոյ արարչագործ ներգործութեան շարունակումը''։

Թէեւ ներկայիս հողամշակութիւնը տնտեսութեան առաջնահերթ մէկ մասը չի ներկայացներ, սակայն կարեւոր դեր կը խաղայ զարգացման քաղաքականութիւններու եւ սնունդի ապահովութեան անհաւասարակշռութեան մէջ։ Դիտելով այսօրուան գիւղական աշխարհը, երեւան կու գայ շուկայի առաջնահերթութեան տարածքը, որ ուղղութիւն կու տայ արարքներու եւ որոշումներու։ Գործարքներու զարկ կը տրուի՝ ի գին հողամշակի կեանքի զոհաբերումին։ Ասոր պատճառաւ կը ստեղծուի անարդար իրավիճակ մը - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Կաթողիկէ Միջազգային Գիւղական Միութեան պատմութեան եւ գործելակերպին, որ ցոյց կու տայ, թէ այսօր եւս կարելի է իրարու հետ կապել քրիստոնէական էութիւնը եւ հողամշակութեան աշխարհի մէջ իբր  քրիստոնեայ գործելը, ուր մարդկային անհատի իմաստը, ընտանեկան եւ ընկերային տարածքը եւ զօրակցութեան իմաստը՝ էական արժէքներ կը ներկայացնեն, նաեւ յոյժ անյառաջադէմ եւ աղքատ պարագաներուն։

Հարկաւոր է, որ յիշեալ Միութիւնը իր գործունէութիւնը կատարէ նաեւ համագործակցութեամբ պետական եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու, պատասխանելով մարտահրաւէրներու եւ կարիքներու, եւ կատարելով քաջարի որոշումներ­, յորդորեց Ֆրանչիսկոս Պապ  ընդգծելով համագործակցութեան կարեւորութիւնը դրական արդիւնքներ ձեռք բերելու համար։

Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցումն ալ կը շեշտէ կամուրջներ կառուցելու անհրաժեշտութեան վրայ՝ իւրայատուկ արմատներու խոր գիտակցութեամբ, եւ չսահմանափակուելով որոշ գործընթացներու լոկ մասնակցութեան մէջ, այլ կատարելով գործունեայ ներդրում։

Միութիւնը կոչուած է իր հիման եւ նպատակներու իբր կենդրոն նկատել մարդ անհատը, ուրիշին տրամադրելի ըլլալը եւ անշահախնդրութիւնը -ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով իր խօսքը ու բոլոր ներկաներէն խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար, որովհետեւ, ըսաւ Քահանայապետը, պէտք ունիմ այդ աղօթքին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.