2016-12-10 12:01:00

Վանականութիւն ԺԹ.


Այսօրուան հաղորդումին մէջ կը շարունակենք անդրադառնալ Զենոբ Գլակի պատմութեան մէջ աւանդուած տեղեկութիւններուն, ուր ան կը ներկայացնէ Կեսարիոյ Ղեւոնդ Հայրապետին պատասխանը՝ Գրիգոր Լուսաւորիչի նամակին։ Եւ ապա, ան կը պատմէ Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Տրդատ թագաւորի՝ Անտոն եւ Կրօնիդէս ճգնաւորներուն հետ ունեցած հանդիպման մասին։

Ղեւոնդ, Կեսարիոյ Հայրապետը, Գրիգոր Լուսաւորիչի ձեռնադրիչն էր։ Երկու Հայրապետներուն միջեւ կը մնար յարգալիր կապ մը։ Գրիգոր Լուսաւորիչ Ղեւոնդէն կը խնդրէ կրօնաւորներ եւ քարոզիչներ՝ Հայաստանի համար։

Ղեւոնդ Հայրապետ կը պատասխանէ՝ “Այն տեղը որ Իննակեան կը կոչեն՝ զոր ոմանք Բարեբուխ կը կոչեն՝ հաստատէ կրօնաւորներ եւ վանք շինէ այստեղի կրօնաւորական հաստատութիւններու օրինակով, զոր մեր երկրին մէջ տեսար. եւ ճգնութեան վարքը առաւելապէս Սուրբ Անտոնէն ուսանիր, որ հրեշտակներէն ոչինչով պակաս է։ Եւ Եպիփան, Անտոնի աշակերտը հաւանեցուցի որ քեզի գայ, իր հետ բերելով քառասուն այր մարդ, ճգնաւորներ եւ խարազանազգեստներ, պարկեշտ վարքով, եւ հրաժարած աշխարհէն. ընդունէ Եպիփանը եւ զայն նշանակէ Զենոբի վանքին վանահայր։ Յաւիտենական արձան դրոշմէ, որպէսզի ոչ ոք դաստակերտներու կամ գիւղաքաղաքներու մէջ Աղեքսանդրացիին նման գործէ՝ իւրաքանչիւրը խրճիթներ շինելով՝ Տիրոջ տաճարին շուրջ, եւ կ’աղաչեմ, մի թոյլատրեր որ առանձին բնակին, այլ ժողովէ մէկ տեղ՝ մօտ հարիւր մարդ. եւ անոնց յատկացուր դաստակերտներ եւ աւաններ, ինչպէս որ պէտք է վանքերուն՝ որպէսզի անոնցմէ օգտուին, իսկ իրենք միայն աղօթքով եւ ճգնութեամբ պարապին։ Խրատէ նաեւ իշխանները ըլլալ աղքատասէր եւ ողորմած։ Իսկ մատրան շուրջ մի շիներ կրօնաւորանոցներ, այլ նշանակէ այնտեղ քահանաներ եւ քորեպիսկոպոսներ, եւ անոնց յատկացուր դաստակերտներ՝ աղքատներու եւ որբերու իբր դարմանատուն։”

Զենոբ Գլակ յիշելէ ետք նամակագրութիւնը, կը պատմէ Տրդատ Թագաւորի եւ Գրիգոր Լուսաւորիչի Հռոմ կատարած ճամբորդութեան մասին։ Ուր անոնք կը հանդիպին Կոստանդիանոս Կայսեր եւ Սեղբեստրոս Քահանայապետին։ Հռոմէն վերադարձին, կը շարունակէ պատմիչը՝ “երբ եկան Եկեղեաց գաւառը՝ Սուրբ Կարապետի յիշատակը կատարեցին … Եւ երբ Իննակեան վայրը հասան, փնտռեցին Սուրբ Անտոնը եւ Կրօնիդէսը։ Իսկ պաշտօնեաները ըսին՝ ’ահա մէկ տարի է որ չենք տեսած զանոնք։’ Եւ թագաւորը շատ տրտմեցաւ, որովհետեւ երկար ժամանակէ ի վեր կը ցանկար տեսնել զանոնք։ Իսկ սուրբ Գրիգոր իբր խնդրակներ ուղարկեց Աղբիանոս եպիսկոպոսը՝ երկու սարկաւագներով միասին, դէպի անոնց խուձերը, զգուշացնելով զանոնք որ Անտոն եւ Կրօնիդէս առաւօտ կանուխ կ’ելլեն անտառէն եւ կամ բլուրներէն, ’եւ դուք հոն զգուշ սպասեցէք, որպէսզի ձեզ տեսնելով փախուստ չտան’։ Չորս օր շարունակ չկրցան գտնել զանոնք. իսկ հինգերորդ օրը առաւօտ անոնց սաղմոսերգութեան ձայնը լսեցին, որ անտառի արեւելեան, քաղցրահամ աղբիւրի կողմէն կու գար։ Եւ եկան դէպի այն բլուրը, որ Արեւու բլուր կը կոչեն. որովհետեւ հոն էին անոնց դարափոր խցիկները։ Եւ երբ լերան գագաթը հասան սկսան այսպէս սաղմոսերգել՝ ’Լսելի արա ինձ առաւօտուց զողորմութիւնս քո, զի ես ի քեզ տէր յուսացայ։’ Իսկ Աղբիանոս կ’ըսէ՝ ’Հոգի քո բարի առաջնորդեսցէ ինձ յերկիր ուղիղ։’ Եւ հոն աղօթելով Անտոն կ’ըսէ Աղբիանոսին՝ ’Բարի եկար ճանապարհորդ խաղաղութեան։’ Իսկ Աղբիանոս կը պատասխանէ՝ ’Բարիք եւ խաղաղութիւն քեզի՝ Աստուծոյ մշակ եւ օթեվան Սուրբ Հոգւոյն։ Աւետիս մը ունիմ ձեզի. Սուրբ Գրիգորը եւ Տրդատը ձեր բնակարաններուն մէջ են եւ ձեզ կը փնտռեն։’ Եւ անոնք ըսին. ’Նաեւ ձեզի եւս առաւել ուրախութիւն եւ աւետիս՝ որ Աստուած ձեր ժամանակին մէջ այսպիսի բարիքներ յայտնեց։ Յաւիտենական Արարիչը սատանան կործանեց՝ աշխարհի հոգեւոր խաղաղութիւն պարգեւելով։’ Աղբիանոս, անմիջապէս աւետաւոր սարկաւագներ ուղարկեց հայրապետին։ Եւ Սուրբ Գրիգոր, նոյն սարկաւագ աւետաւորները ուղարկեց Տրդատին՝ Արձանի ստորոտը։ Ան մեծ ուրախութեամբ լեցուած եկաւ դէպի վանք գլխաւորներու հետ միասին։

Զենոբ՝ Գլակի վանքին առաջնորդ եղաւ քսան տարի։ Զենոբ եպիսկոպոսի մահէն ետք, անոր աթոռին կը յաջորդէ Անտոնի աշակերտ Եպիփանը՝ երեսուն տարի։ Ասոր տասներորդ տարին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կու գայ Անտոնի եւ Կրօնիդէսի մօտ, բնակելու համար անոնց հետ անապատին մէջ։ Սակայն անոնք Գրիգորը այնտեղէն հանեցին, ըսելով՝ ’գնա´ անծանօթ տեղ մը, որպէս զի այստեղ քու սրբութիւնդ չփառաւորեն։’ Իսկ ան գնաց եւ բնակեցաւ Մանեայ քարայրներուն մէջ, ինչպէս կը պատմուի, եօթ տարի, եւ ապա կը մահանայ։ Ստեփանոս, Եպիփանու աշակերտը՝ վանքը կ’առաջնորդէ տասնըհինգ տարի։ Ասոր չորրորդ տարին կը վախճանի Սուրբ Անտոնը եւ երկու ամիս ետք՝ Կրօնիդէսը, քառասուն տարի Իննակեան վանքին մէջ, եկեղեցիէին քիչ մը հեռու՝ հարաւի կողմը բնակելէ ետք։”








All the contents on this site are copyrighted ©.