2016-12-10 10:04:00

Ռուսիա, Ամերիկա եւ Ֆրանսա բանակցութեան վերադառնալու կոչ կ՛ընեն Ալիեւին եւ Սարգսեանին


Համպուրկի մէջ կայացած ԵԱՀԿի նախարարական հանդիպման աւարտին, Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններուն ղեկավարները՝ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով, Ճան Քերի եւ Ժան-Մարք Էրօ, միացեալ յայտարարութիւն մը տարածած են՝ նշելով, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պէտք է «ճկունութիւն ցուցաբերեն եւ վերադառնան բանակցութիւններու սեղան»:

Լաւրով, Քերի եւ Էրօ նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած են հիւրընկալելու երկու նախագահներուն հանդիպումը՝ «երբ անոնք պատրաստ ըլլան»:

«Համոզուած ենք, որ նախագահները պէտք է բարեխղճօրէն եւ կարելի եղածին չափ շուտ ներգրաւուին բանակցութիւններուն մէջ: Նախագահներու շարունակական եւ ուղիղ երկխօսութիւնը՝ Մինսկի համանախագահներու հովանիին ներքեւ, կը շարունակէ մնալ վստահութեան ամրապնդման ու խաղաղ գործընթացը առաջ մղելու առանցքային բաղկացուցիչը», նշած են նախարարները եւ աւելցուցած. «Եթէ բանակցութիւններուն ընթացքին յառաջխաղացք չարձանագրուի, ապա նոր բախումներու հաւանականութիւնը պիտի շարունակէ աճիլ, իսկ կողմերը պիտի կրեն անոր ամբողջ պատասխանատուութիւնը»:

Նախարարները նաեւ կոչ ըրած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն, որ յարգեն նախորդ հանդիպումներուն ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները՝ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներ իրականացնելու շուրջ:

«Կոչ կ՛ընենք վերցնելու խոչընդոտները՝ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի ընդարձակման հարցով, եւ յառաջդիմութիւն արձանագրելու ԵԱՀԿի կողմէ հետաքննական համակարգի մը ստեղծման գծով: Այդ առաջարկները պէտք է կեանքի կոչուին անմիջապէս, կարգաւորման բանակցութիւններուն վերսկսման հետ», նշուած է յայտարարութեան մէջ, ուր նաեւ կ՛ըսուի. «Ապրիլին, շփման գիծին վրայ պատահած բռնութիւններու մտահոգիչ աճէն ետք, մենք մտահոգ ենք զինուած բախումներու շարունակութեամբ, յատկապէս՝ ծանր հրետանիներու օգտագործման պատճառով, եւ խստօրէն կը դատապարտենք ուժի կիրառումը կամ անոր գործադրութեան սպառ-նալիքի կիրառումը: Այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի: Մենք նաեւ տեղեակ ենք Ապրիլին՝ մարտի դաշտին վրայ տեղի ունեցած վայրագութիւններուն մասին եւ խստագոյնս կը դատապարտենք զանոնք»:

Վերջապէս, համանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները կողմերուն յիշեցուցած են, որ «կարգաւորումը պէտք է հիմնուի Հելսինքիի եզրափակիչ բանաձեւի սկզբունքներուն, մասնաւորապէս՝ ուժի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման հաւասար իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ՝ համանախագահող երկիրներու նախագահներուն առաջարկած յաւելեալ տարրերուն հիման վրայ, որոնց շարքին են՝ Լեռնային Ղարաբաղի յարակից տարածքներուն վերադարձը ատրպէյճանական վերահսկողութեան, Լեռնային Ղարաբաղի միջանկեալ կարգավիճակը, որ կ՛ապահովէ ապահովութեան եւ ինքնակառավարման երաշխիքներ, Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին միացնող միջանցքը, Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը սահմանող իրաւականօրէն պարտադիր արտայայտութիւն, ներքին տեղահանուած բոլոր անձերուն եւ փախստականներուն վերադարձը՝ իրենց նախկին բնակութեան վայրերը եւ միջազգային ապահովական այնպիսի երաշխիքներու հաստատում, որոնք պիտի ներառեն խաղաղապահ գործողութիւններ: Մեր երկիրները կը շարունակեն սերտօրէն աշխատիլ կողմերուն հետ, եւ մենք կոչ կ՛ընենք անոնց, որ ամբողջութեամբ օգտուին ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու միջնորդական օժանդակութենէն»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.