2016-12-10 08:58:00

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Միլանօ այցելութեան նշանաբանը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ տարւոյն Մարտ ամսոյն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պիտի այցելէ Միլանոյի թեմը։ Այս այցելութեան համար պատրաստուած է նշանաբան մը, ուր կը ներկայացուին ձեռքեր, որոնք կը պահեն լեռները եւ մայր տաճարը։ Իսկ իբր բնաբան առնուած է Գործք Առաքելոցի խօսքը՝ «Այս քաղաքին մէջ բազմաթիւ ժողովուրդ ունիմ» (Գործք ԺԸ. 10)։ Բնաբանը ընտրած է Միլանոյի Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Անճելօ Սքոլա։

Նշանաբանի վրայ ներկայացուած ձեռքերը ժողովուրդի ձեռքերն են, որոնք միաժամանակ կը ներկայացնեն հրեշտակներու թեւեր, խաղաղութեան աղաւնիներու թեւեր. այդ ամբողջութիւնը կը պատկերացնէ նաեւ մայր տաճարը, ինչպէս նաեւ Միլանոյի թեմի հիւսիսային կողմի լեռները։ Նշանաբանի կենդրոնին մէջ զետեղուած է խաչ մը։ Պատկերի վերեւի մասը ներկայացուած է Սրբազան Քահանայապետը որ իր թեւերը կը տարածէ բոլորին շուրջ։

Թեմի բոլոր ժողովրդապետութիւններուն կոչ կ'ուղղուի, պատշաճ կերպով պատրաստուիլ Ֆրանչիսկոս Պապին ընդունելութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.