(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 9 դեկտեմբեր 2016-ին, Վատիկանի Ռետեմթորիս Մաթեր մատրան մէջ Քահանայապետական Տան Քարոզիչը` Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան, Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ, ներկայացուց յիսնակաց շրջանի երկրորդ խորհրդածութիւնը` որուն կեդրոնական նիւթը հանդիսացաւ ''Սուրբ հոգին եւ զատորոշումի խարիզմը''։
Խորհրդածութեան նիստի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Սպանիայի Փամփլոնա թեմին երբեմնի արքեպիսկոպոսը Կարդինալ Ֆերնանտօ Սեպասթեան Ակիլարը, որմէ ետք ունկնդրութիւն շնորհեց Փրուսիայի գահաժառանգ իշխան` վսեմաշուք Օսքարին եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան, հուսկ ժամը 11,30-ին Նորին Սրբութիւնը Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ զետեղուած տօնածառն ու Սուրբ մսուրը նուիրող բարերարներու եւ պատկան իշխանութիւններուն հետ, որոնք ժամանած էին Իտալիոյ Թրենթօ ինքնավար մարզէն` որպէս տօնածառի նուիրատուներ եւ Մալթայէն որպէս Սուրբ Մսուրի նուիրատուներ։
Յայտնենք թէ Սուրբ Պետրոսի տօնածառի եւ Սուրբ Մսուրի պաշտօնական բացումը տեղի կ՛ունենայ այսօր` ուրբաթ 9 դեկտեմբերի յետմիջօրէի ժամ 4,30-ին։
All the contents on this site are copyrighted ©. |