2016-12-09 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''աղօթենք ցեղասպանութեան բոլոր զոհերուն համար''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 9 դեկտեմբեր 2016-ին Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հրաւիրեց աղօթել ցեղասպանութիւններու բոլոր զոհերուն համար, ապա կոչ ուղղեց յանձնառու ըլլալ որպէսզի նման ոճիրներ դարձեալ չի կատարուին աշխարհի մէջ։

''Աղօթենք ցեղասպանութեան բոլոր զոհերուն համար եւ յանձնառու ըլլանք որպէսզի այս ոճիրը այլեւս չի կրկնուի աշխարհի մէջ'' գրեց Նորին Սրբութիւնը։

Մենք եւս միանանք Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի այս հրաւէրին ու աղօթք բարձրացնենք առ Աստուած որպէսզի մեր բիւրաւոր նահատակներու բարեխօսութեամբ,Անոր ողորմած ու բարեգութ հայեացքը միշտ ուղղուած մնայ հայ ժողովուրդի զաւակներուն վրայ ու բոլորը զերծ պահէ վտանգներէն ու զանոնք պաշտպանէ ամէն չարէ։

Տէր քու առատ ողորմութեամբդ գթայ մեր վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.