2016-12-09 14:09:00

''Քահանաները Աստուծոյ սիրոյն միջոցներ''. Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Քահանաները ըլլալու են Աստուծոյ սիրոյն միջոցները եւ ոչ թէ իրենց շահը փնտռող միջնորդներ''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին­, ուրբաթ` 9 դեկտեմբերի առաւօտեան, Տումուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին առանցքը` որոuն մէջ Նորին Սրբութիւնը զգուշացուց քահանաները աշխարհի փորձութիւններէն ու իրենք զիրենք պարզ գործակալներ համարելէն։

Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց քահանաները ունենալու նոյնինքն Յիսուսի տրամաբանութիւնը եւ Անոր նման ըլլալու Աստուծոյ ու մարդկանց միջեւ միջոց, եւ ոչ թէ միջնորդ որ վարձատրութիւն կ՛ակնկալէ։

''Միջոցը ինքզինք կը կորսնցնէ երկու մասերը իրարու միացնելու համար, ան իր կեանքը կը նուիրէ, ինքզինք կը ոչնչացնէ''  եւ իսկական քահանան իր ժողովուրդին մօտիկ 'միջոց' մըն է, իսկ այն որ իր պարտականութիւնը կը մատուցէ որպէս միջնորդ` ապերջանիկ է։

Իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ապա ''կարծրութեան'' մասին որ շատ անգամ մարդիկը կը հեռացնէ մեզմէ, նա մանաւանդ երբ անոնք մխիթարութիւն կը փնտռեն։ 

Երբ քահանայ մը կը դիմէ ''կարծրութեան'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը­,  կը դառնայ գործակալ ու սխալ ընթացքի մէջ կը գտնուի։ Մինչ բարի քահանայ մը կը ճանչցուի երբ գիտէ մանուկի հետ խաղալ­, անոր նման ժպտալ, հպիլ փոքրիկ ու խոնարհ բաներու, երբ ընկալող է։

Քարոզի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց քահանայի երեք սուրբ տիպարներ` որոնց շարքին նաեւ Սուրբ Պօղոսը որ գլխատուեցաւ Տիրոջ համար, ապա բոլոր ներկաները հրաւիրեց խոկալու այս իրականութեան վրայ, եւ հարցադրելու թէ ո՞րն է իրենց կոչումը. ըլլալ գործակալ, միջնորդ կամ դառնալ միջոց, այսինքն ընտրել Խաչը։








All the contents on this site are copyrighted ©.