2016-12-09 11:02:00

Սուրիոյ Վերականգնման Համար $180 Միլիառ Կը Պահանջուի


Մարտական գործողութիւններէն ետք սուրիոյ վերականգնման համար կը պահանջուի մօտ $180 միլիառ: Նման գնահատական տուած է ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին անվտանգութեան խորհուրդի փակ հանդիպման աւարտին, կը յայտնէ panarmenian.net-ը՝ վկայակոչելով «Ինթըրֆաքս»-ը:

Սուրիոյ մէջ հարկաւոր է երկրի վերականգնման մեծ ծրագիր սկսիլ, ըսած է Չուրքին: «Անշուշտ մէկ կամ երկու երկիր չեն կրնար ատիկա ընել, իսկ առանց քաղաքական կարգաւորման, առանց քաղաքական համակարգի բարեփոխման, որ այս կամ այն չափով պէտք է գոհացնէ նաեւ ընդդիմութիւնը, ակնկալել, որ վերականգնման միջազգային արշաւ կը սկսի, սխալ կ՛ըլլայ»,- ըսած է ան:

Չուրքին յիշեցուցած է, որ վերականգնման մասին խօսած է նաեւ Սուրիոյ գծով ՄԱԿ յատուկ դեսպանորդ Սթեֆան տէ Միսթուրան:

Ան աւելցուցած է նաեւ, որ երկրի վերականգնման գործողութիւն սկսելու համար անհրաժեշտ է Սուրիոյ կառավարութեան պատրաստակամութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.