2016-12-09 09:00:00

Մեծարանք Անարատ Յղացեալին։ Սրբազան Պապը աղօթեց մանուկներու, ընտանիքներու եւ բանուորներու համար


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 8 դեկտեմբերին, Անարատ Յղութեան տօնին առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Հռոմի ''Փիացցա Տի Սպանիայի'' տարածքին գտնուող Մինիանելլի հրապարակին վրայ, Աստուածածնի արձանին մօտ կատարեց տօնի աւանդական այցելութիւնը եւ ծաղկեպսակներու զետեղումը։

Բազմաթիւ հաւատացեալներու կողքին, Սրբազան Պապին կ՛ընկերանային նաեւ Հռոմի Թեմի քահանայապետական փոխանորդ՝ Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինի, Հռոմի քաղաքապետ՝ Տիկ. Վիրճինիա Ռաճճի, եւ Լացիօ նահանգի նախագահ՝ Նիքոլա Ծինկարեթթի։

Սրբազան Հայրը այնտեղ աղօթքի պահ մը անցուց։ Դիմելով Աստուածածնի, ու աղօթքին մէջ ըսաւ. «Քու տօնիդ առիթով Քեզի կու գամ, եւ իմ հետս կը բերեմ բոլոր անոնք, որոնք Քու Որդիդ ինծի վստահած է, որպէսզի օրհնես եւ վտանգներէ պաշտպանես զանոնք», մասնաւոր կերպով առանձին եւ լքուած մանուկները, առօրեայ նեղութիւններ կրող ընտանիքները, եւ բանուորները, որոնք պարտադրուած են կատարել ոչ արժանավայել աշխատանք եւ կամ ընդհանրապէս գործազուրկ են -ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու յիշեց, թէ կարիքն ունինք Աստուածածնի՝ կեանքի զանազան ոլորտներուն եւ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ, ապա աղօթքը փակեց, աղերսելով՝ «Օգնէ, որ չիյնանք վհատութեան մէջ, այլ վստահելով քու յարատեւ օգնութեանդ, մեծ ճիգ թափենք նորոգելու մենք զմեզ, այս քաղաքը եւ ամբողջ աշխարհ։ Աղօթէ մեզի համար, Սուրբ Աստուածամայր»։

Մինիանելլի հրապարակի արարողութենէն ետք Սրբազան Պապը մեկնեցաւ դէպի Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարը, ուր անցուց ամփոփ պահ մը «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի» (Հռոմայեցի Ժողովուրդի Փրկութիւնը) կոչուած Աստուածածնի եւ Մանուկ Յիսուսի բիւզանդական պատկերին առջեւ, որ 6րդ դարուն բերուած է Հռոմ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.