2016-12-08 09:38:00

Անարատ Յղութեան Տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Հռոմի ''Սպանիա'' հրապարակ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 8 Դեկտեմբերին` լատին եկեղեցին կը տօնէ Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնը զոր հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցի համաձայն կը նշուի 9 դեկտեմբերին։ Այս տօնը կը պանծացնէ Աստուածամայրը, որ ըստ Եկեղեցւոյ աստուածաբաններու, չէր կրնար արատաւորուած ըլլալ սկզբնական մեղքէն, ուստի եւ իր յղութեան առաջին վայրկեանէն իսկ իր մօր` Աննայի արգանդին մէջ, ան անարատ եղաւ սկզբնական մեղքէն.

Կաթողիկէ Եկեղեցին այս վարդապետութիւնը պաշտօնապէս հաստատեց 1854-ին, ուստի Լուրտի երեւումներէն 4 տարի առաջ, որով Լուրտի մէջ`Աստուածամայրը Պեռնատէթին կը յայտնուի որպէս Անարատ Յղութիւն։

Հինգշաբթի  8 դեկտեմբեր 2016-ի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, կ՛այցելէ Հռոմի ''Բիացցա տի Սպանիա'' նշանաւոր հրապարակը ուր` այնտեղ կառուցուած ''Անարատ Յղացեալ՝ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ՝՝ բարձր արձանին ոտքին կը զետեղէ ծաղկեփունջ մը ու պատգամ կը փոխանցէ, այնտեղ համախմբուած բազմաթիւ հաւատացեալներուն։

Նշենք որ Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ աւանդութիւն է որ՝ Հռոմ քաղաքը, Քահանայապետին հետ միասին, մեծ շուքով ու հանդիսաւոր կերպով մեծարեն Յաւիտենական քաղաքի կեդրոնական այս հրապարակին վրայ բարձրացած` Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը։

Հռոմի հրշէջները` որոնց պաշտպան սրբուհին է Անարատ Յղացեալը, 8 դեկտեմբերի առաւօտեան կանուխ, կը համախմբուին վերոնշեալ հրապարակի վրայ ու անոնցմէ մին բարձրանալով  30 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող դէպի Աստուածածնայ պրօնզէ արձանը, անոր բազուկին վրայ կը զետեղէ ծաղկեփունջ մը։ Օրուան ընթացքին այլ խմբակցութիւններ եւ անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին նաեւ Սպանիայի դեսպանը, մեծարանք կը մեծարեն Անարատ Յղութեան Սուրբ Կոյսի արձանը որ նշենք թէ`  կառուցուած է ի յիշատակ Մարիամի Անարատ Յղութեան վարդապետութեան հռչակումին, 8 դեկտեմբեր 1854-ին, երանելի Պիոս Թ. Քահանայապետին կողմէ որ անձամբ գլխաւորած է արձանին բացման արարողութիւնը, 8 դեկտեմբեր 1857ին, շրջապատուած 200 հրշէջներով։

Այդ թուականէն ասդին, ամէն տարի, մեծ շուքով կը նշուի Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ տօնը եւ Պիոս ԺԲ Քահանայապետը եղաւ առաջինը որ Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ ծաղիկ ուղարկեց  ''Սպանիա'' հրապարակի վրայ գտնուող արձանին­, մինչ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ­, 1958-ին` անձամբ այցելեց հրապարակի վրայ կառուցուած արձանը անոր ոտքին զետեղելով սպիտակ վարդերու փունջ մը։  Այս սովորութիւնը շարունակուեցաւ Պօղոս Զ, Յովհաննէս Պօղոս Բ, Պենետիկտոս ԺԶ եւ կը շարունակուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետերու կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.