2016-12-07 10:09:00

Կը մեկնարկէ «Կանչ Փրկութեան» անուամբ հոգեւոր բնոյթ ունեցող ռատիօ-յայտագիրը


(Ռատիօ Վատիկան)     Ամէն կիրակի առաւօտեան ժամը 8:00ին Լիբանանի Սիրոյ Ձայն (Sawt el Mahabbe)-ռատիոկայանէն, (105,9 - 106,1 եւ 106,3  FM ալիքներուն), սկիզբ կ՛առնէ ''Կանչ Փրկութեան'', տիտղոսով հայերէն լեզուով հայրերէն յայտագիր մը, զոր կը վարէ` Զմմառու Վանքի նորընծայարանի փոխ տեսուչը Հայր Մաշտոց վրդ Զահթէրեան։

Յայտագիրը պիտի ընդգրկէ հետեւեալ նիւթերը.

ա. Կիրակնօրեայ Աւետարանի հատուածի ընթերցում եւ անոր մասին հակիրճ մտածական։

բ. Շաբթուան Եկեղեցւոյ կարեւորագոյն լուրը եւ անոր մասին տեղեկութիւններ։

գ. Ծիսական տարուայ շրջանին մասին նիւթ։ (Օրինակ Յիսնակացի նիւթը առ ի պատրաստութիւն Քրիստոսի ծննդեան եւ յայտնութեան տօնին)։ 

Ապա ծրագրուած է նաեւ մօտ օրէն յայտագրի մէջ զետեղել այլ նիւթեր որոնք պիտի ընդգրկեն.

դ. Եկեղեցական գիտելիքներ եւ երիտասարդները հետաքրքրող նիւթեր՝ «Ի՞նչ կ՚ըսէ Եկեղեցին» անուան տակ։ Իւրաքանչիւր մասի ներկայացումէ ետք շարականի մը կամ տաղի մը ունկնդրութիւն։

Ի՞նչ կ՚ըսէ Եկեղեցին հատուածին մէջ պիտի ընդգրկուին նաեւ հարցազրոյցներ եւ յատուկ նիւթերու շուրջ զեկուցումներ...

Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը մեծ ուրախութեամբ կ՛ընկալէ սոյն լուրը եւ պտղաբերեր առաքելութեան ամենաբարի մաղթանքներ կը յղէ Հայր Մաշտոցին իր` եկեղեցւոյ ու հայ ազգին ի սպաս մատուցած այս նոր առաքելութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.