2016-12-07 10:25:00

Աղէտի գօտիին մէջ տակաւին անօթեւան Է 550 ընտանիք


Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի աշխատակազմի բնակարանային քաղաքականութեան եւ ենթակառոյցներու վարչութեան պետ Տանեա Արզումանեան Դեկտեմբեր 6-ին լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին յայտնած է, որ 2014-ի դրութեամբ «Աղէտի գօտու բնակարանային ապահովման պետական ծրագրով» հաշուըւած է 5381 շահառու, որմէ 4175 ընտանիք բարելաւած են իրենց բնակարանային վիճակը: Տակաւին 550 ընտանիք կը շարունակէ մնալ անօթեւան։ Անոր տուած տեղեկութիւններով՝ 4175 ընտանիքներուն հիմնական մասը կը գտնուի Գիւմրիի մէջ:

«2018ին պետական ծրագրի շրջանակներում այդ 550 ընտանիքը այլեւս չեն ունենայ  բնակարանային խնդիր, նախատեսւում է, որ ծրագիրն ամբողջութեամբ կ՛աւարտուի», դիտել տուած է Տ. Արզումանեան։

Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ  ծրագիրէն պարբերաբար դժգոհութիւններ կ՛ըլլան՝ պաշտօնեան նշած է, որ բնակարանային գնման դժգոհութիւն իրենք ալ լսած են, սակայն ծրագիրի իրականացման արդիւնքները ուրիշ բան ցոյց կու տան. «Գուցէ ընտանքիները մեծ են, հասանելիք բնակարանը չի բաւարարում: Դրանք ներընտանեկան դժգոհութիւն ունեցող ընտանքիներ են, որոնք չեն գալիս ստանում, ձախողել են այդ պատճառով, քանի որ ընտանիքի բոլոր անդամները պէտք է գան ստորագրեն: Իսկ դիմում չնեկայացուած ընտանքների նկատմամբ ծրագրի պարտաւորութիւնները դադրում են: Չնայած դա չի նշանակում, որ չեն ստանայ, գուցէ այլ հնարաւորութիւն լինի իրացնեն իրենց իրաւունքը, բայց ոչ այս ծրագրով»:

Սեփական տուներու կառուցման ծրագիր չիրականացնելու մասին խօսելով՝ Տանեա Արզումանեան դիտել տուած է, որ աղէտի գօտիին մէջ առաջնահերթ կարգով նախատեսուած է քաղաքային բանակավայրերու բազմաբնակարան շէնքերու շինութիւնը. «Պետութիւնը գիտի այդ խնդրի մասին, սեփական տուն կորցրածների խնդիրը, դրան կ՛անդրադառնան այս ծրագրից յետոյ»:

Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ 2018-էն ետք, այդուհանդերձ, կարելի չէ տնակային աւաններու խնդիրը լուծուած համարել՝ պաշտօնեան պատասխանած է, թէ յստակ կերպով երկրաշարժէն տուժածներու հարցին մէջ քաղաքային աւաններու պարագան կ՛աւարտի, սակայն խնդիրը կը մնայ հոն, որ կան տնակներու մէջ բնակողներ, որոնք հոն յայտնուած են ոչ թէ աղէտին իբրեւ հետեւանք, այլ յարակից շրջաններէ ներքին գաղթի կամ բնակարան ստանալէ ետք զայն վաճառելու բերումով։ «Մենք չունենք յստակ թուեր, տարբեր հաշուարկներով այդ ընտանքիների թիւը Գիւմրիում մօտ 4 հազար է, Վանաձորում էլ  ընդհանուր 5 հազարի է հասնում: Կոմիտէի կողմից քայլեր կը ձեռնարկուեն համարակալելու նման տնակային շինութիւնները»։

Բանախօսը յիշեցուցած է, որ «Աղէտի գօտու բնակարանային ապահովման պետական ծրագիրը» սկսած էր 2008-ին,  սակայն մինչ այդ տարուած է հսկայական աշխատանք, որով 60 հազար անօթեւան ընտանքիներ բնակարան ստացած էին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.