2016-12-07 09:57:00

7 Դեկտեմբեր 1988, Ժամը 11:41. Սպիտակի մէջ երկրաշարժ։


(Ռատիօ Վատիկան) Այսօր`  7 դեկտեմբերին կը նշուի Սպիտակի երկրաշարժի 28-րդ տխուր տարեդարձը։ 1988-ի դեկտեմբեր 7-ին, առաւօտեան 11.41-ին, 6.9 ուժգնութեամբ երկրաշարժի ցնցում մը  հարուածեց Հայաստանի հիւսիսային շրջանը աւերումի ենթարկելով`աղէտահար այդ գօտիին 3000 քառակուսի քիլոմեթրը: Քար ու գանդ եղան 11 քաղաք եւ 58 գիւղեր: Տուժեցին 21 քաղաքներ եւ 342 գիւղեր: Անօթեւան մնացին 514.000 անձեր: Իսկ զոհերու թիւը` 25.000։

Փլատակներու տակէն փրկուեցան 45.000 մարդ: Աղէտի գօտիէն արտահանուեցան 120 հազար մարդ: 

Այսօր` 7 դեկտեմբերին հայ ժողովուրդին համար այլ սուգի օր մըն է։ Օր է յիշատակելու ու կսկիծով յիշելու այդ մեր եղբայրներն ու քոյրերը, մեր պապիկներն ու մամիկները, մեր անմեղ մանուկները որոնք զոհ եղան բնութեան պատճառած արհաւիրքին։

Օր է նաեւ աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած ու Անորմէ հայցելու բոլոր հայ ազգի ննջեցեալ զաւակներուն համար` յաւիտենական կեանք եւ մի գուցէ երախտապարտութեան խօսք ուղղելու բոլոր անոնց` որոնք փութով ժամանեցին աղէտի գօտի, եւ իրենց օգնութիւնը մատուցեցին, սփոփանք ու յոյս ներշնչելով վերապրողներուն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.