2016-12-06 09:47:00

Քեսապի մէջ հրթիռ ինկած Է, վնասներ չկան


Քեսապի մեր աղբիւրներէն իմացանք, որ հակառակ ութամսեայ անմիջադէպ իրավիճակին, այսօր այդ կացութիւնը խախտուած է զինեալներու կողմէ, որոնք Քալազ գիւղակի մօտակայ շրջաններէն երկու հրթիռ արձակած են Քեսապի ուղղութեամբ: Հրթիռները ինկած են Էսկիւրանի Թուրքիոյ սահմանամերձ անտառային շրջանին մէջ (200 մեթր սահմանէն հեռու), եւ որեւէ նիւթական կամ մարդկային զոհեր չկան:

Նշենք, որ Քեսապի մէջ ասոր նախորդող հրթիռարձակումը տեղի ունեցած էր փետրուար 2016-ին. հրթիռներ ինկած էին Քեսապի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ արեւելեան եւ արեւմտեան թաղերուն մէջ` նիւթական թեթեւ վնասներ պատճառելով: Յայտնենք նաեւ, որ անցնող ութ ամիսներուն Քեսապի մէջ կեանքը արագ թափով կ’ընթանար դէպի բնականոնացում:








All the contents on this site are copyrighted ©.