Մեր հայրերը կեանքի իմաստութեամբ լի մարդիկ էին, ու զայն կտակեցին մեզի որպէս անգնահատելի հրիտակ:
Ծերունի հայրիկ մը, նստած իր տան սեմին՝ կը դիտէր անցորդները: Կը քաջալերէր մին, կը ժպտէր երկրորդին եւ անուշութեամբ կը խրատէր
երրորդին... Ամէնքէն յարգուած էր ու մեծարուած:
Այնտեղէն, զբօսաշրջիկ մը կ’անցնէր:
Երիտասարդ տարիքին հեռացած էր այդ քաղաքէն, աշխատելու եւ օգնելու համար՝ տարիքը առած բազմանդամ զաւակներու տէր իր հայրիկին, ու միաժամանակ ճարելու բոլոր ընտանիքին ապրուստը: Երիտասարդը կեցաւ
ծերունիին դիմաց, բարեւեց ու ըսաւ. Հայրիկ, շատոնց հեռաւոր ափերու վրայ
ապրած եմ: Ի՞նչպէս կ’ապրին այստեղի քաղաքացիները:
Ծերունին հարցումով մը պատասխանեց.Ի՞նչպէս է ժողովուրդը ապրած ու աշխատած քաղաքիդ մէջ:
Հայրիկ, մի հարցներ: Օտարութիւնը չսիրեցի, որովհետեւ ժողովուրդը եսասէր է ու հպարտ:
Կարելի չէ ապրիլ անոնց հետ: Այս պատճառաւ, մեծ ուրախութեամբ ծննդավայրս վերադարձայ:
Ալեւոր հայրիկը պատասխանեց.Զաւակս, հոս ալ նոյն բնաւորութեամբ
անձերու պիտի հանդիպիս:
Տխրութեամբ համակուած՝ երիտասարդը մեկնեցաւ:
Աւելի ուշ, ուրիշ երիտասարդ մը կ’անցնէր այդտեղէն: Կանգ առաւ տարիքոտ մարդուն դիմաց: Բարեւեց ու մեծարեց անուշ ժպիտով մը ու հարցուց.
Առաջին անգամն է, որ կ’այցելեմ ձեր քաղաքը:
Ի՞նչպէս կը գտնես այս երկրին բնակիչները:
Ծերունի իմաստունը պատասխանեց հարցումով մը եւ նոյն շեշտով.
Ըսէ՛տղաս, քու բնակած վայրիդ ժողովուրդը ի՞նչպէս է:
Շատ բարի են ու մարդամօտիկ, ծառայասէր ու ժպտերես, աշխատասէր եւ ուղղամիտ:
Տղաս, հոս ալ պիտի հանդիպիս շատ բարի ու մարդամօտիկ, ծառայասէր ու ժպտերես, աշխատասէր եւ ուղղամիտ ժողովուրդի մը:
Երիտասարդը մեկնեցաւ ուրախ սրտով:
Ծերունիին դրացին, լսելով անոր խօսակցութիւնը երկու երիտասարդներուն
հետ ու տուած հակասական պատասխանները՝ զարմացաւ: Մօտեցաւ անոր ու մտերմօրէն հարցուց.
Եղբայր, ի՞նչպէս կրնաս երկու բոլորովին հակասական պատասխաններ տալ միեւնոյն հարցումին:
Բարեկամ, ո՛վ որ կը բանայ սիրտը,կը փոխէ նաեւ իր նայուածքն ու գաղափարը ուրիշին նկատմամբ: Ժպտէ՛ եւ աշխարհը կը ժպտի քեզի:
«Աչքը ճրագն է մարմինին. եթէ աչքդ մաքուր է, մարմինդ լուսաւոր պիտի ըլլայ: Եթէ աչքդ չար է, բոլոր մարմինդ խաւարի մէջ պիտի մնայ» (Մատթ. 6, 22-23):
Հայր Յովհաննէս Վրդ. Թէյրուզեան, Եպիսկոպոս
All the contents on this site are copyrighted ©. |