2016-12-06 09:17:00

ՄԱԿ-ի Փախստականներուն գրասենեակի առաջարկը Եւրոպական Միութեան


(Ռատիօ Վատիկան) ՄԱԿի, Փախստականներու Հարցերով զբաղող գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը (UNHCR), Եւրոպայի Միութեան ներկայացուցած թղթածրարի մը մէջ, կոչ կ՝ուղղէ, որ Եւրոպան կատարէ լայնածաւալ նորոգում մը՝ փախստականներու խնդիրներու լուծման բերած իր մասնակցութեան։ Այս խնդրին մաս կը կազմէ նաեւ Եւրոպայի ապաստանեալներու համակարգը։

Թղթածրարին մէջ կ՝առաջարկուի, որ Եւրոպան փախստականներու երկրի, ապաստանութեան եւ անցման խնդիրներու լուծման նկատմամբ որդեգրէ աւելի մեծ աջակցութիւն, եւ վերատեսէ փախստականներու եւ գաղթականներու քանակակազմի ծրագիրները, նկատի առնելով անոնց աճող թիւը։

Թղթածրարին մէջ կը խնդրուի նաեւ որ Եւրոպայի Միութեան անդամ երկիրները աւելի մեծ ներդրում կատարեն փախստականներու ներգրաւման գործին մէջ, ներառեալ բնակեցման, աշխատանքի հայթայթման եւ կազմաւորման քաղաքականութիւններու ծիրէ ներս։

Նախորդ տարուան ընթացքին Եւրոպան չէ յաջողած հասարակաց եւ կառուցաւոր պատասխան տալ մէկ միլիոնէ աւելի ժամանող փախստականներու եւ գաղթականներու յարուցած մարտահրաւէրներուն։ Այս իրականութիւնը յառաջացուցած է խառնաշփոթութիւն սահմաններու վրայ եւ հրահրած ժողովուրդի անվստահութիւնը, հարցականի տակ դնելով պետութիւններու կարողութիւնը՝ հարցին պատշաճ լուծում տալու։ Հարկաւոր է, որ պետութիւնները եւ Եւրոպայի Միութեան անդամ երկիրները միասնական արարքով ցուցաբերեն, որ Եւրոպան ատակ է զբաղելու փախստականներու հարցով՝ ազդու կերպով եւ համաձայն իր սկզբունքներուն։ Եւրոպան պէտք է նաեւ նպաստէ կայունացնելու յիշեալ հոսանքները՝ երկար ժամանակի հեռանկարով։

Յանձնակատարի Գրասենեակը, թղթածրարին մէջ կը ներկայացնէ գործնական առաջարկներ, որ Եւրոպան եւ ամբողջ աշխարհ որդեգրեն աւելի լաւ պաշտպանութեան կերպեր՝ փախստականներու նկատմամբ։ Եւրոպական Ապաստանարանի Հասարակաց Դրութեան (CEAS), եւ Եւրոպայի Խորհուրդի կողմէ առաջարկուած բարենորոգումներու վրայ հիմնուած, UNHCRի առաջարկները կրնան առաջնորդել ապաստանումի աւելի պարզուած համակարգի մը, որ կ՝ապահովցնէ նոր ժամանողներու մուտքը տարածաշրջանէ մը ներս, անոնց արձանագրութիւնը եւ պատշաճ ընկալումը. ինչպէս նաեւ զանազան պետութիւններու եւ Եւրոպայի Միութեան անդամ երկիրներու պատասխանատուութեան բաժնեկցումը։

Ներկայացուած առաջարկները կ՝անդրադառնան նաեւ փախստականներու թուային բաժանումին՝ յիշեալ երկիրներու մէջ, եւ կը յանձնարարեն, որ որդեգրուին  վերադարձի ազդու եղանակներ, ա՛յն փախստականներուն համար, որոնց միջազգային պաշտպանութեան կարիք չէ ճանչցուած։








All the contents on this site are copyrighted ©.