2016-12-06 12:43:00

Հնարաւո՞ր է որ մարդիկ ներեն


Հնարաւո՞ր է որ մարդիկ ներեն։  Այս հարցումը բիրտ կերպով  կ’ուղղուի մեզի այս առաջին օրուան  ծիսակատարումով, մինչ կը յիշատակենք  այնպիսի դէպքեր, որոնք իրենց  դաճանութեամբ եւ կործանարար նպատակով ցնցեցին ամբողջ աշխարհը։ Ինչպէ՞ս կրնանք խուսափիլ այս հարցումէն երբ կը մտածենք Ղամիշլիի զոհերու մասին եւ երբ  անոնց տառապանքներու ահաւոր գումարին վրայ կուգայ աւելնալու միջազգային ահաբեկչութեան զոհերու  դժբախտաբար անվերջանալի ցուցակը։

Ամէն օր,  մեր անձնական կեանքի, մեր ընտանեկան կեանքի եւ մեր ընկերային կեանքի ընթացքին կը զգանք որ  ներումը ինքնաբուխ արարք մը չէ։  Մարդկային սրտի բնական շարժումը կ’ուղղուի առաւելաբար դէպի հատուցման որոնում կամ վրիժառութիւն։ Եթէ  մեզի համար այնքան դժուար է  ներել  փոքր  անիրաւութիւններուն՝ որոնց կ’ենթարկուինք ամէն օր, կը հասկնանք թէ աւելի կարեւոր եւ աւելի բիրտ արարքներուն ներումը շատ աւելի դժուար է եւ նոյնիսկ մեր կարողութենէն վեր է։

Մարդկային բանականութեան բռնաբարումը  նախատինք կը դառնայ երբ ան կրօնքին խոտոր պատրուակներու կը դիմէ արդարացնելու համար իր արարքները եւ այս բարբարոսային արարքներուն հեղինակները։ Ամէն անգամ որ կրօնք մը կը ներքաշուի բրտութեան մէջ,  աւելին՝ ահաբեկչական բրտութիւնը օրինականացնելու փորձի մը մէջ, կ’եղծանէ եւ կ’անարգէ իր իսկ հռչակած Աստուծոյ պատկերը։  Գիտենք թէ մեր կրօնքները միշտ չէ որ յարգած են իրենց  քարոզած խաղաղութեան պատգամը։  Ասոր համար ուրախ չենք անշուշտ եւ պէտք է միշտ ջանանք ասիկա սրբագրել։ Սակայն, պէտք չէ առիթ տանք վայրկեան մը իսկ մտածելու որ Աստուծոյ հանդէպ հաւատքն է մեր բռնարարքներուն պատճառը։

Երբե՛ք։

Ճշմարիտ հաւատացեալը երբեք չի փորձեր ինքզինք եւ իր կենսակերպը, կամ իր համոզումները ու այլամերժ միտումները իր շրջապատին պարտադրել բռնութեամբ ու բռնամիջոցներով, առաւել եւս ահաբեկչական արարքներով։ Այսպիսիներուն համար կրօնքը պարզապէս պատրուակ է, կեղծ դիմակ։ Որովհետեւ Աստուծոյ հանդէպ սէրն ու յարգանքը՝ անբաժանելի է մարդու հանդէպ սէրէն ու յարգանքէն։ Կարելի չէ Աստուած սիրել առանց սիրելու իր նմանը։

Այսօրուան փորձութիւններուն ու չարագործութիւններուն դիմաց աղօթել պէտք է՝ որովհետեւ  աղօթքը հաւատացեալին զէնքն է չարիքին դիմաց՝ դիմադրելու համար չարագործութեան։ Պէտք է աղօթել մանաւանդ ի խնդիր չարամիտներու ու չարագործներու դարձին, դա՛րձ՝ դէպի աստուածապարգեւ սէր, դէպի եղբայրսիրութիւն, դէպի մարդկայնականութիւն՝ որպէսզի խաղաղ ու քաղաքակիրթ կեանքը վերահաստատուի հոն ուր որ ան խռով է ու խաթարուած։








All the contents on this site are copyrighted ©.