2016-12-05 10:06:00

Ռուհանի Օպամայէն պահանջած է չստորագրել Իրանի դէմ պատժամիջոցներու երկարաձգման որոշումը


«Ինթերֆաքս» կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն պահանջած է չստորագրել Իրանի դէմ պատժամիջոցները երկարաձգող որոշումը:

Իրանի խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ Ռուհանի ըսած է, որ Օպաման «պարտաւոր է» հրաժարիլ Իրանի նկատմամբ սահմանափակումներու միջոցներու ժամկէտներու երկարաձգումէն:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը անցեալ շաբաթ որդեգրած էր ամերիկեան միակողմանի պատժամիջոցները տասը տարիով երկարաձգելու որոշում մը:

Ռուհանի զգուշացուցած է. «Մենք կը գործադրենք համաձայնութիւնը կեանքի կոչելու պարտաւորութիւնները, սակայն, ի պատասխան անոնց չգործադրուելուն կամ նոյնիսկ ատոնց իրագործման ոլորտին մէջ տատանումներու, մենք ստիպուած պիտի ըլլանք գործել համապատասխանաբար»:

Իրանի «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ իր կարգին նախազգուշացուցած է, որ իր երկիրը պիտի դադրեցնէ հիւլէական ծրագիրին շուրջ ձեռք բերուած համաձայնագիրի գործադրութիւնը, եթէ Միացեալ Նահանգներ երկարաձգեն պատժամիջոցները:

«Եթէ անոնք վերադառնան պատժամիջոցներուն, մենք այլեւս պիտի չհետեւինք համաձայնութիւններուն», ըսած է Զարիֆ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.