2016-12-05 09:04:00

Հոգեհանգստեան Սուրբ պատարագ Ճեզիրէի հայ կաթողիկէ առաջնորդարանին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 4 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, Սուրիոյ Ճեզիրէի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի Սուրբ Յովսէփի անուան ժողովրդապետութեան մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ, նախագահութեամբ Պէյրութի թեմի հայ կաթողիկէ պատրիարքական փոխանորդ` Արհ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի, որ այս առթիւ ժամանած էր իր ծննդավայրը` Քամիշլիէ։

Հոգեհանգստեան արարողութիւնը նուիրուած էր ժողովրդապետութեան զաւակներ` Ապպուտ Հաժիքիի, Ռամի Թերզիպաշիի եւ Էլի Քասպոյի, որոնք մէկ տարի առաջ իրենց կեանքը կորսնցուցին թիրախ դառնալով  ահաբեկչական մէկ ահռելի արարքի մը, որ պատճառած էր նաեւ բազմաթիւ այլ զոհեր։

Արհիապատիւ գերապայծառ Ասատուրեան յաւուր պատշաճի խօսքին մէջ իր ցաւակցութիւնները յայտնելով ներկաներուն ու ննջեցեալներու ընտանեկան պարագաներուն,  հայցեց Աստուածային մխիթարութիւն եւ սփոփանք, նշելով թէ ինք չէր փափաքեր այս այցելութիւնը կատարել այսպիսի տխուր առիթով մը, տրուած ըլլալով որ իր եպիսկոպոս ձեռնադրութենէն ի վեր այս առաջին անգամն էր որ ծննդավայրի ժողովրդապետութեան մէջ կը մատուցէր սուրբ պատարագի զոհը։ Գերապյածռա Ասատուրեան ապա քաջալերեց բոլոր ներկաները չվհատելու` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, ու իրենց յոյսը միշտ դնելու Աստուծոյ վրայ, որ ողորմած Հայր մըն է ու բոլորին բարիքը կը ցանկայ։

Սուրբ պատարագի արարողութաեն աւարտին` Առաջնորդ գերապայծառը ժողովրդապետութեան սրահին մէջ, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ իրեն ի պատիւ սարքուած կոկիկ ընդունելութեան ու հոգեճաշին ուր առիթը ունեցաւ առանձնական խօսակցութիւններ ունենալ Քամիշլիէի Սուրբ Յովսէփ ժողովրդապետութեան հաւատացեալ զաւակներուն հետ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.